Եւրոպա
Շրջանային Վարչութիւններ

2018-ին «Համազգային»ի Յունաստանի Շրջանային Վարչութիւնը ծրագրեց ու գործադրութեան դրաւ «4րդ սերունդէն՝ 5րդ» ընդհանուր բնաբանով՝ հայերէն լեզուի ուսուցման ծրագիր մը։
Յաւակնոտ բայց անհրաժեշտ այս ծրագրին համար մեծ էր պահանջքը, որ քանի մը առիթներով արտայայտուած էր Համազգայինին եւ պատասխանատուներուն ուշադրութիւնը գրաւած՝ արեւմտահայերէն լեզուի պաշտպանութեան ու հայախօսութեան զարգացման նպատակով։
Առաջին տարիներու յաջող փորձառութիւնը առաջնորդեց Ա. եւ Բ. դասարաններու գոյութեան, որոնք բաժնուեցան Սկսնակներու եւ Յառաջացածներու։