
20 Մարտ 2023-ին, Համազգայինի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ, յունահայութիւնը պատուեց մեծահամբաւ երգչուհի Մարիքա Նինուի յիշատակը, ծնունդով Էվակելիա Ադամեան, Զմիւռնիոյ 100-ամեակի ձեռնարկներու ծիրէն ներս։ Գեղեցիկ երեկոյթը տեղի ունեցաւ Գոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնին մէջ։
«Զաքարեան - Սարաճեան» զոյգ սրահները ծայրէ ծայրէ լեցուն էին, ամէն տարիքի հայ եւ յոյն երաժշտասէրներով։ Ներկայ եղան Ազգային վարչութեան ատենապետ Թագւոր Յովակիմեան, Հ.Յ.Դ. Կ.Կ.-ի կողմէ Ռաֆֆի Գազարեան, Գոքինիոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Պարէտ քհնյ. Խաչերեան, ինչպէս նաեւ՝ Մարիքա Նինուի յատուկ հրաւիրուած ազգականները, եղբօր Պարգեւին դուստրերը` Կիւլա եւ Արշալոյս Ադամեաններ ու քրոջ Գոհարին թոռները` Պետրոս եւ Սոնա Արթինեաններ։
Լոյսերը մեղմօրէն շիջեցան եւ սկսաւ գեղարուեստական յայտագիրը։ Մոմը ձեռքին` սրահ մուտք գործեց Մարիաննա Խաչատրեան երգելով «Ու՞ր ես Մայր իմ» շարականը՝ եզակի կատարումով մը։