Միջին Արեւելք
Շրջանային Վարչութիւններ

Հովանաւորութեամբ Սուրէն եւ Սոնիա Սարգիսեան ամոլին, 2015 Մայիսի առաջին շաբաթավերջին, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան «Քնար» պարախումբը Ժտէյտէի «Սաժես» թատերասրահին մէջ հանրութեան ներկայացաւ «Կամուրջներ» պարային համոյթով, գեղարուեստական ղեկավար եւ պարուսոյց` Յովհաննէս Խաչիկեան, օգնական պարուսոյց` Կարիկ Խաչիկեան:
Ծրագիրը բաղկացած էր երկու մասէ: Առաջին բաժինով ներկայացուեցան ազգագրական պարեր, «Հայուհի», «Քոչարի», «Անուրջներ», «Ձկնորսներ», «Հայոց աղջիկներ», «Վրացական» պարերը: Այս բաժինին մէջ ելոյթ ունեցաւ նաեւ Համազգայինի «Գայեանէ» պարախումբը, որ ներկայացուց հնդկական եւ գնչուական պարեր, իսկ «Գայեանէ»-ի պարուսոյցներ Կարէն եւ Ժաքլին Մակինեան ամոլը մեկնաբանեց «Գարուն» եւ «Թանկօ» պարերը: