
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Քնար» պարախումբի վարչութեան, Կիրակի, 27 Մայիս 2018-ին, երեկոյեան ժամը 6-ին «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ միջդպրոցական պարի փառատօն` մասնակցութեամբ լիբանանահայ վարժարաններու աշակերտութեան:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Քնար» պարախումբի վարչութեան անդամ Դալար Սալխանեանը, որ նշեց, թէ աւանդութիւն դարձած այդ ձեռնարկը կը կազմակերպուի իւրաքանչիւր տարի, համազգայինի կոչումին եւ առաքելութեան համաձայն` պահել, զարգացնել եւ տարածել հայ մշակոյթը: Ան յայտնեց նաեւ, որ հայ պարը միշտ եղած է հայ ժողովուրդի կենցաղին եւ նկարագրին դրսեւորումը:
Ապա ընթացք առաւ ելոյթը, առաջին հերթին բեմ բարձրացաւ Անարատ յղութեան հայ քոյրերու Սրբոց Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանի պարախումբը, որ պարեց Անուշ եւ Ինկայի «Հայ, հայ» երգին կշռոյթով, որմէ ետք Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան երկրորդական վարժարանի աշակերտները ներկայացուցին «Փափուրի» պարը: