
Տարեթիւիս Փետրուար ամիսէն սկսեալ աշխարհի բոլոր ծայրամասերուն մէջ նշուեցաւ մեծահանճար երաժիշտ, երգիչ, խմբավար, մանկավարժ, բանահաւաք եւ ազգագրագէտ Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-րդ յոբելեանը։
Պարոյր Սեւակի բնորոշումով՝ հայոց երգի վեհափառը իր ջանասիրութեամբ, բծախնդրութեամբ ու անդուլ աշխատանքով յաջողեցաւ հայկական երաժշտութեան գանձերը պեղել հայրենի աւերակներէն եւ համաշխարհային երաժշտութեան բազմերանգ խճանկարին մէջ, ազգային ոճով հայկական ինքնուրոյն երաժշտութիւն ձեւակերպել, իր յատուկ բառարանով եւ նրբագեղ ելեւէջներով։ Մէկ խօսքով եթէ Ամենայն Հայոց Բանաստեղծ՝ Մեծն Թումանեան հայ ժողովուրդի խօսքն է, ապա Կոմիտաս անոր մեղեդին է, որովհետեւ ան մեծ համոզում ունէր, որ երգը խօսքին շարունակութիւնն է։
Արդարեւ, Չորեքշաբթի, 23 Հոկտեմբեր 2019-ին, Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հոգշ․ Տ․ Պետրոս Վրդ․ Մանուէլեանի Հովանաւորութամբ, Համազգայինի Քուէյթի Մեկուսի Կազմի Վարչութիւնը, ՀՀ Դեսպանատան հետ համագործակցաբար կազմակերպեց Կոմիտասի Ծննդեան 150-րդ ամեակին նուիրուած յուշ երեկոյ մը, որուն ընդմէջէն Քուէյթահայ մշակութասէր եւ երաժշտասէր հանդիսատեսը մեծ ոգեւորութեամբ ու ակնածանքով ըմբոշխնեց Կոմիտասեան դիւթիչ ու հմայիչ յայտագիր մը, որ յագեցած էր խօսքի ու երգի գեղեցիկ ներդաշնակութեամբ։
Հանդիսութեան ներկայ էին՝ Քուէյթի Պետութեան մօտ ՀՀ Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան Սարմէն Պաղտասարեան, ՀՀ Հիւպատոս Վարդգէս Յովսէփեան, Քուէյթի Երեսփոխանական, Ազգային Վարչութեան, Վարժարանի Տնօրէնութեան, Հոգաբարձութեան եւ միութեանց ներկայացուցիչներ։
Համազգայինի Վարչութեան ատենապետ Տիգրան Պայաթեան, բարի գալստեան իր խօսքէն ետք անդրադարձաւ մեծ վարպետի տաղանդին ու վաստակին ըսելով. «Կոմիտաս Վարդապետ իւրայատուկ մեծութիւն էր։ Ան մեր ժողովուրդին վերադարձուց իր հոգեւոր ինքնութիւնն ու ընդգծեց անոր դերն ու տեղը այս բարդ ու խայտաբղէտ աշխարհին մէջ։ Կոմիտաս մեր ժողովուրդի հպարտութիւնն ու ազգային անսպառ հարստութիւնն է»։ Ապա տեսերիզի մը միջոցաւ Ճորճ եւ Նարինէ Արապաթլեաններ պարզ ու հաճելի ոճով ներկայացուցին յոբելեարին կենսագրական գիծերը, որոնց առանցքը կը կազմէին՝ Պատանի Սողոմոնը, ուսանողը, ուսուցիչը, երգահանն ու հանճարեղ Կոմիտասը, հասնելով մինչեւ անոր եղերական մահը։
Կոմիտասի երգարուեստի հմտութիւններուն քաջածանօթ երիտասարդ մենակատարներ յաջորդաբար ներկայացուցին անոր ստեղծագործութիւններէն պատառիկներ.- Այսպէս՝ Ճորճ Արապաթլեան մեկնաբանեց «Հով Առէ՛ք»ը, դաշնամուրի վրայ նուագելով եւ միաժամանակ երգելով։ Ապա Ատոմ Քէհեայեան «Կանչէ Կռունկ»ը եւ Գէորգ Թէմամեան «Հորովել»ը, դաշնամուրի նուագակցութեամբ Հայկուհի Բազեանի։ Նարինէ Գոնճայեան Արապաթլեան յուզումնախառն ու տպաւորիչ առոգանութեամբ ներկայացուց Պ․ Սեւակի «Անլռելի Զանգակատուն» պոէմէն հատուածներ։
Յատկանշական էր Քուէյթի մէջ ՀՀ Դեսպանատան հրաւէրով Քուէյթ ժամանած «Հարմոնիա» Լարային Քառեակին ներկայացուցած Կոմիտասեան մետաքսահիւս մեղեդիներու Ծաղկաքաղը, որ գերազանցօրէն շնչաւորեց հայկական երգարուեստի գոհարները, հայրենի արուեստագէտներու կատարողութեամբ, յանձինս՝Անի Խաչունցի (առաջին Ջութակ), Սվետլանա Լալայեանի (Երկրորդ Ջութակ), Եանա Դարեանի (Ալտ) եւ ՀՀ Վաստակաշատ արդիսդ Արամ Թալալեանի (Թաւ Ջութակ)։
Աւարտին, Հոգշ․ Հայր Սուրբը բարձր գնահատեց Համազգայինի Քուէյթի Մեկուսի Կազմի եռամեայ գործունէութիւնը, ապա անդրադառնալով Կոմիտաս Վարդապետի մեծութեան ըսաւ. «Խօսիլ Կոմիտասի մասին, կը նշանակէ խօսիլ արժէքի մը մասին, որովհետեւ մեր պատմութեան մէջ կան անձեր եւ դէպքեր, որոնք ինքնին արժէք կը ներկայացնեն, ու անոնք վեր են իրենց ապրած ժամանակաշրջանէն եւ մինչեւ օրս կ'ապրին ու կը շարունակեն ապրիլ։ Կոմիտասը ո՛չ միայն հայութեան համար արժէք է ու հպարտանք, այլ ան համաշխարհային արժէք ստացաւ երբ Իւնէսքօն անոր անունը արձանագրեց համաշխարհային յայտնի դէմքերու անուանացանկին մէջ»։
Հուսկ, ողջունելով ներկայ հանդիսականները, ան իր պատգամը փոխանցեց ըսելով․ «Մենք չենք կրնար միայն բաւարարուիլ անցեալը յիշելով եւ հպարտանալով, մեր պարտքն ու պարտաւորութիւնն է՝ անցեալը յիշելու կողքին պատրաստակամ ըլլալ կերտելու ապագան»։
Յիշենք ու մեծարենք մեր ՄԵԾԵՐԸ, ապրինք ու ապրեցնենք մշակութային մեր ժառանգութիւնը, որոնք կ'երաշխաւորեն մեր ինքնութեան պահպանումն ու յարատեւութիւնը։
Մարիա Սարգիսեան