
«Երազ» պարախումբը աշխատանքի սկսած է 2004 թուին եւ 2006էն սկսեալ աշխատած է Համազգայինի Օրէնջ Քաունթիի Սիամանթօ Մասնաճիւղի հովանիին տակ: Պարախումբին նպատակն է Օրէնջ Քաունթիի հայ մանուկներուն ու երիտասարդներուն հոգիներուն մէջ դրոշմել սէրը, յարգանքը եւ ճանաչողութիւնը հայկական պարի, երաժշտութեան եւ ընդհանրապէս հայ մշակոյթի նկատմամբ, եւ այս ճանաչողութիւնը ձեռք բերելով զինել հայ նոր սերունդը ձուլման վտանգին դէմ:
«Երազ» պարախումբը անցնող տարիներու ընթացքին բազմաթիւ անգամներ բեմ բարձրացած է զանազան ձեռնարկներու ընթացքին: Պարախումբը կ°ընդունի 4 տարեկանէն վեր աշակերտներ: Ներկայիս պարախումբը բաղկացած է աւելի քան 50 աշակերտ-աշակերտուհիներէ:
2009ի տարեկան հանդէսը 400 հանդիսատեսներու ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ Յունիս ամսուն, Godinez High Schoolի Performing Arts Theatreի սրահին մէջ: Պարախումբի աշակերտ-աշակերտուհիները իրենց հրաշալի տարազներով, բեմային պահուածքով, ճկուն ու փորձուած շարժումներով, ուրախութեամբ ու խանդավառութեամբ հպարտութիւն կը ստեղծէին իրենց հանդիսատեսներուն ու մանաւանդ ծնողներուն մօտ: Ծնողներ, որոնց նիւթական ու բարոյական ջանքերուն ու անմնացորդ հովանաւորութեան եւ աջակցութեան շնորհիւ կանգուն կը մնայ պարախումբը եւ ընդհանրապէս մշակութային կեանքը Օրէնջ Քաունթիի փոքրիկ բայց աշխոյժ հայկական գաղթօճախին մէջ:
«Երազ» պարախումբի փորձերը տեղի կ°ունենան շաբաթական դրութեամբ Օրէնջ Քաունթիի Հայ Կեդրոնէն ներս, Երեքշաբթի, Չորեքշաբթի եւ Շաբաթ օրերը, հետեւեալ կարգով՝
Երեքշաբթի 4:30-5:30, 8-11 տարեկան աղջիկներու Առաջին դասարան, 5:30-6:30, 11-13 տարեկան աղջիկներու Երկրորդ դասարան:
Չորեքշաբթի 3:45-4:15, 3-4 տարեկան երկսեռ Երաժշտութիւն եւ Շարժում, 4:30-5:15 4-6 տարեկան երկսեռ դասարան, 5:30-6:30 6-8 տարեկան երկսեռ դասարան:
Շաբաթ 10-12:30, 13 եւ վեր դասարան, 1:30-3:30 Երկսեռ առաջին եւ երկրորդ դասարան:
Աշակերտները կը սորվին աւանդական, դասական եւ ժողովրդական պարեր, ինչպէս նաեւ կը ծանօթանան եւ կը հմտանան հայկական Ֆոլքլորիք եւ միաժամանակ Դասական պարարուեստին:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար կարելի է կապուիլ պարուսոյց Տիկին Փըրլին Վարժապետեանին 714-306-9328 հեռախօսահամարին, կամ կապուիլ yeraz08@yahoo.com իմէյլ հասցէով: «Երազ» պարախումբի աշխատանքներուն աւելի մօտէն ծանօթանալու համար կրնաք դիտել նաեւ youtube կայքէջի վպայ տեղադրուած hamazkayin yeraz promo video տեսաերիզը: