
Հինգշաբթի, 5 Յուլիս 2018-ին, Երեւանի մէջ պաշտօնական բացումը պիտի կատարուի Համազգայինի ուսանողական հաւաքին (Ֆորում), որ արդէն իսկ վերածուած է Համազգայինի աւանդական կարեւոր ծրագիրներէն մէկուն:
Ծրագիրին մասնակցելու նպատակով տարբեր երկիրներէ` Լիբանանէն, Սուրիայէն, Քանատայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Ֆրանսայէն, Հայաստանէն, Արցախէն ու Վրաստանէն երիտասարդներ արդէն իսկ կը գտնուին հայրենիք. 4 Յուլիսին, Լիբանանի պատուիրակութիւնը, ընկերակցութեամբ Քանատայէն մասնակիցներէն մէկուն, որ Լիբանան կը գտնուէր, եւ պատասխանատու կազմին, ուղղուեցաւ Հայաստան:
5-18 Յուլիս կայանալիք հաւաքին հայրենիքի եւ սփիւռքի տարբեր գաղութներէ եկած երիտասարդները առիթ պիտի ունենան ծանօթանալու իրար, մտերմանալու, հասկնալու իրենց միջեւ եղած հասարակաց գիծերն ու տարբերութիւնները, ապրելու հայրենիքի մէջ ու հայրենիքով, հայկական շունչով, արժէքներով, մշակոյթով, ինչպէս նաեւ լսելու պատմամշակութային նիւթերով դասախօսութիւններ, քննարկելու հայութիւնը յուզող խնդիրներ: