
Հինգշաբթի, 13 Ապրիլ 2010-ին՝ երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Ռոյալ փարք» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի 6-րդ Պատգամաւորական ժողովի բացման հանդիսութիւնը, ներկայութեամբ լիբանանահայ երեք համայնքներու հոգեւոր պետերուն, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանի, ՀՅԴ Բիւրոյի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչներուն, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, նախկին երեսփոխաններու եւ նախարարներու, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեանի, քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներուն, Համազգայինի մեծ ընտանիքին բարերարներուն, կրթական եւ գեղարուեստական պատասխանատուներու ու արուեստագէտներու:
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներէն ետք, բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Արին Գալուստեան, որ նշեց, թէ 15 երկիրներէ համախմբուած համազգայնականները յառաջիկայ օրերուն քննութեան առարկայ պիտի դարձնեն միութեան քառամեայ գործունէութիւնը՝ ճշդելով յառաջիկայ ծրագիրներու ուղիներն ու նորանոր մարտահրաւէրները:
Օրուան առաջին խօսքը արտասանեց Համազգայինի ընթացաւարտ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան, որ նշեց, թէ այս ժողովը որոշումի հիմնական վայրն է, ուր անհատական ճիգերը գումարուելով կը կայանայ հաւաքական մտածում՝ նոյնինքն որոշում: Մկրտիչեան ըսաւ, թէ Համազգայինի գործընթացը շարունակական է ու Համազգայինի առաքելութիւնը կանգ չþառներ: Ան նշեց, թէ կրթութիւնը զարգացման ու քաղաքական մեկնակէտներու համար հիմնական զէնք է, որ հասարակութեան կþապահովէ դիմադրողականութիւն:
Մկրտիչեան աւելցուց, թէ ազգի պահպանման ու զարգացման համար կարեւոր է մշակոյթը: Թուելով տուեալները, Մկրտիչ Մկրտիչեան յայտնեց, թէ ժամանակն է վերամիաւորելու հայ ժողովուրդին մշակութային հարստութիւնը: Ան եզրակացուց, թէ արդիականացումով պէտք է ամրացնել հինը, ու ստեղծել նորը: Խօսքին աւարտին Մկրտիչ Մկրտիչեան շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի բոլոր բարերարներուն, որոնք մշտապէս նեցուկ կը կանգնին Համազգայինի առաքելութեան:
Ապա խօսք առաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան, որ ըսաւ, թէ Համազգայինի հիմնադիրները բազմաթիւ դժուարութիւններ յաղթահարելով կրցան ստեղծել Համազգայինը ու անոնք իրենց ջանքերը չեն խնայած ազգապահպանման գործին մէջ: Քոչարեան հաստատեց, որ սերունդէ-սերունդ այսօր Համազգայինի պատասխանատուները կը շարունակեն առաքելութինը՝ պահպանելու համար ազգային գիտակցութիւնն ու մշակութային աւանդութիւնները:
Աշոտ Քոչարեան մաղթեց, որ Համազգայինի այս ժողովը եւս սկիզբը հանդիսանայ միութեան նորանոր յաջողութիւններուն:
Պատգամաւորական ժողովի երրորդ խօսքը ՀՅ Դաշնակցութեան անունով արտասանեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Աղուան Վարդանեան: Ան ըսաւ, թէ Համազգայինի առաքելութեան հաւատացողները անցեալին բազմաթիւ զրկանքներ կրած են ու զոհողութիւններ մատուցած՝ չընդհատելու համար մշակոյթին ընդմէջէն հայութեան երթը, որպէսզի հայութիւնը պահպանէ իր ինքնութիւնը ու քաղաքակիրթ պետութիւններուն մօտ իր արժանապատիւ տեղը:
Սփիւռքի մէջ մշակութային գործունէութիւն ծառայելու ազգային արժէքին անդրադառնալով՝ Վարդանեան ըսաւ, թէ «Սփիւռքի մէջ Համազգայինը կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնն է», որ արժանի է համապատասխան գնահատանքի: Ապա Աղուան Վարդանեան ժողովին ներկայացուց շարք մը առաջարկներ, ինչպիսին են հայ արուեստագէտներու նուիրուած տարեկան մրցանակի դրոյթը, հայագիտութեամբ զբաղող հայորդիներու հովանաւորութեան կարելիութիւններուն ստեղծումը եւ այլ նիւթեր:
Ան շեշտեց, որ Հայաստան-սփիւռք առողջ գործակցութիւնը յառաջիկային հաշուոյն կը ստեղծեն նոր հորիզոններ ու գործելադաշտեր: Եզրակացնելով՝ Աղուան Վարդանեան հաստատեց, որ Պատգամաւորական ժողովին մասնակիցները իրենք են ժողովուրդին կամքը փոխանցող ներկայացուցիչները՝ մշակոյթին ոգին պահպանողները:
Բացման հանդիսութեան վերջին պատգամը փոխանցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ եպս. Խաչերեան, որ յայտնեց, թէ Համազգայինի գործունէութիւնը կը փոխանցէ հոգեկան գոհունակութիւն ու ուրախութիւն, քանի որ ուղղակի ու անուղղակի միջոցներով միութիւնը էապէս կը ծառայէ մշակոյթին ճամբով հայ ժողովուրդին գոյութեան պահպանման աշխատանքներուն: Առաջնորդ սրբազանը յայտնեց, թէ Համազգայինի «Լ. Շանթ» մշակութային կեդրոնի մէջ առկայ մթնոլորտն ու ազգային նկարագիրի կազմաւորման շունչը մանրանկարն է Համազգայինի ծաւալուն գործունէութեան, որ հիմքն է հայեցի դաստիարակութեան:
Գեղամ եպս. Խաչերեան աւելցուց, թէ այնպէս ինչպէս Մայիսեան յաղթանակներու հանգրուանին կարելի եղաւ իրականացնել Շուշիին ազատագրումը, նոյնպէս ալ սփիւռքի մէջ «օտար-ամայի ճամբաներուն վրայ» Համազգայինի ճամբով կþիրականանան Շուշիի ու այլ յաղթանակներու շունչով առաջնորդող նուաճումներ:
Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդը յայտնեց, թէ Դաշնակցութիւնը ժողովուրդի կարիքներուն ընդառաջ վերցուց բազմաթիւ մարտահրաւէրներ, որոնցմէ մէկը մշակոյթի պահպանման լծուած Համազգայինի ստեղծումն էր, որ յստակօրէն տարիներէ ի վեր կը ծառայէ իր նպատակին ու առաքելութեան: Ան կոչ ուղղեց համազգայնականներուն՝ շարունակելու իրենց ազգային ծառայութիւնը, հաստատելով, որ ժողովուրդը Համազգայինին հանդէպ ունի մեծ հաւատք ու վստահութիւն:
Ապա ներկաներուն հրամցուեցաւ մտերմիկ գեղարուեստական երեկոյ մը, որուն ընթացքին մասնակիցները նաեւ արտայայտեցին իրենց զգացումներն ու ապրումները: