
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան գրական-գեղարուեստական յանձնախումբին, Ուրբաթ, 14 նոյեմբեր 2008-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի 80-ամեակի աշակերտական հանդիսութիւնը՝ ներկայութեամբ հայկական վարժարաններու տնօրէններու, կրթական պատասխանատուներու, ուսուցիչներու եւ աշակերտներու:
Հանդիսութեան իրենց մասնակցութիւնը բերող վարժարաններն էին՝ Հայ աւետարանական քոլեճ, Հայ կաթողիկէ Գ. Հարպոյեան վարժարան, Ազգ. Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճ, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարան, Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ եւ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան:
Ձեռնարկին բացման խօսքը Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան գրական-գեղարուեստական յանձնախումբին անունով արտասանեց Իրմա Գապաքեան-Տէտէեան, որ նշեց, թէ ձուլման ու կորուստի պայմաններուն մէջ Լեւոն Շանթ, Նիկոլ Աղբալեան եւ ուրիշներ հիմը դրին Հայ կրթական եւ հրատարակչական համազգային ընկերութեան, որուն նպատակն էր հայ մշակոյթի երթի շարունակականութիւնն ու մշակոյթի ճամբով հայապահպանումը:
Ան ըսաւ, թէ աշակերտութեան հետ 80-ամեակի հանդիսութիւն կատարելը ցուցանիշ է, որ մշակոյթի հայապահպանման ուղին կը սկսի աշակերտներով: Այս ծիրին մէջ Գապաքեան-Տէտէեան յայտնեց, թէ մշակութային շունչ փոխանցելու առաքելութիւնը կը պատկանի Համազգայինին ու այս ձեռնարկը այդ պատասխանատուութեան արտայայտութիւնն է:
Ապա բեմ բարձրացաւ օրուան առաջին պատգամաբեր, Ազգային Աբգարեան վարժարանի տնօրէն Գեղանի Էթիեմեզեան, որ ըսաւ, թէ Համազգայինը եւ առհասարակ մշակութային միութիւնները հարստութիւններ ամբարող եւ հարստութիւններուն վրայ լուսարձակ սփռող միութիւններ են: Ան նշեց, որ Համազգայինը չէ ծնած միայն մշակոյթի սոսկական իմաստով, այլեւ ան անհրաժեշտութեան մը արդիւնք է, որ կը ներկայացուի հայապահպանման, տեսիլք ունեցած հայութեան պատրաստութեան ու արժէքներու պահպանման գիծերուն մէջ:
Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի ջութակահարներու համոյթը բեմ բարձրանալով նուագեց Կորելիի «Սարապանտ»ը եւ Սայաթ Նովայի «Քամանչա»ն: Համոյթին դաշնակով կþընկերակցէր Յասմիկ Գասպարեան: Խումբի գեղարուեստական ղեկավարն է Գարիկ Գասպարեան:
Գեղարուեստական յայտագիրէն ետք խօսք առաւ օրուան երկրորդ պատգամախօս, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի գործադիր տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան, որ հաստատեց, թէ Համազգայինի 80-ամեայ երթին մէջ ակնյայտ է միութեան հիմնադիրներուն անսակարկ նուիրումն ու զոհաբերութիւնը: Ան աւելցուց, որ հիմնադիրները նիւթական ու ընկերային վատ պայմաններու մէջ մտածեցին ոչ միայն հայութեան ֆիզիքական գոյատեւումը ապահովելու մասին, այլ նաեւ հայութեան գոյութիւնը երաշխաւորելու մասին:
Տիգրան ճինպաշեան յայտնեց, որ հիմնադիրները միութեան անուան սկիզբը զետեղած են «համազգային» ածականը, քանի որ անոնք կը հաւատային, որ կրթութիւնը եւ մշակոյթը որեւէ հատուածի, կողմի, յարանուանութեան կամ կուսակցութեան սեփականութիւնը չէ եւ պէտք չէ ըլլայ, քանի որ այդ բոլորը ամբողջ ազգին կը պատկանին՝ համազգային են:
Շաղիկ Պապիկեան դաշնակով նուագեց Առնօ Պապաճանեանի «Վաղարշապատի պարը», որմէ ետք խօսք առաւ օրուան վերջին եւ երրորդ պատգամախօս, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի կրթական պատասխանատու Ալիս Գազանճեան:
Լեւոն Շանթի եւ Նիկոլ Աղբալեանի աշակերտն ու ապա պաշտօնակիցը ըսաւ, թէ երիտասարդութիւնը պէտք է լաւապէս ճանչնայ անցեալը, որպէսզի կարենայ կամրջել հինը նորին, անցեալը ներկային՝ կերտելու համար ապագան:
Գազանճեան բազմաթիւ դրուագներու ընդմէջէն ներկայացուց իր ուսուցիչներուն տիպարն ու արժէքը՝ շեշտելով, որ անոնք հաստատակամօրէն Ճեմարանին ու հայութեան ներշնչման աղբիւր էին ու գիտելիքներու շտեմարան: