
Կազմակերպութեամբ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան, բարձր հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի, Չորեքշաբթի, 3 դեկտեմբեր 2008-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Էմիլ Լահուտ» մշակութային համալիրի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի հիմնադրութեան 80-ամեակի հանդիսութիւնը, ներկայութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, հայ երեք յարանուանութիւններու հոգեւոր պետերուն, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան հաւատարմատար Ռուբէն Խարազեանի, կուսակցութիւններու, մշակութային, կրթական, ընկերային եւ մարզական միութիւններու ներկայացուցիչներու, բարերարներու, համազգայնականներու ու ժողովրդային մեծաթիւ բազմութեան:
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգները ունկնդրելէ ետք Համազգայինի 80-ամեակի հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը արտասանեցին օրուան բեմավարներ Արմէն Ապտալեան եւ Լորիկ Ծատուրեան, որոնք իրողապէս արժեւորեցին առիթը եւ շեշտեցին, թէ Համազգայինը 80 տարիներու ընթացքին մշակոյթի ճամբով պահպանած է ոչ միայն հայ ժողովուրդի հարստութիւնները, այլեւ՝ իր ներդրումը ունեցած է գաղութներու մէջ հայապահպանման ի նպաստ կատարուած աշխատանքներուն:
Արմէն Ապտալեան ըսաւ, թէ Համազգայինի հիմնադիրներուն, միութեան բոլոր գործիչներուն եւ նուիրեալներուն համար հայկական մշակութային հարստութիւններուն պահպանումը, անոնց տարածումը, նաեւ նոր սերունդներուն դաստիարակութիւնը եւ կրթութիւնը եղան գոյութեան պայքարի եւ ամբողջ կեանքի տեւողութեան նպատակակէտեր:
Իսկ Լորիկ Ծատուրեան նշեց, որ Համազգայինի հիմնադիրները առաջնորդուեցան հայ ժողովուրդի ուրոյն կերպարանքի պահպանման եւ ազգային արժէքներու վրայ հիմնուած եւ անոնցմէ սնող հայ մարդուն գիտակցական ու իմացական աշխարհները լիցքաւորելու եւ հարստացնելու տեսիլքով:
Բացման խօսքէն ետք բեմ բարձրացան Համազգայինի «Այգ» երիտասարդական երգչախումբը եւ ժողովրդային գործիքներու նուագախումբը, որոնք ներկաներուն հրամցուցին «Եաման եար», «Սրտիկ մալուլ մի մնայ», «Սարերի հովին մեռնեմ», «Հոյ նար» եւ «Կենաց երգ» երգերը: Նշենք, որ «Սարերի հովին մեռնեմ» երգին նաեւ միացան Համազգայինի «Գայեանէ» պարի դպրոցի աղջիկները, որոնք երգին տուին յաւելեալ երանգ եւ գեղեցկութիւն: «Այգ» երգչախումբի խմբավարն ու գեղարուեստական պատասխանատուն է Զաքար Քեշիշեան:
Գեղարուեստական յայտագիրի առաջին բաժինէն ետք ներկաները դիտեցին Համազգայինի 80-ամեայ երթը ծանօթացնող տեսաերիզ մը, որ կþանդրադառնայ Համազգայինի հիմնադրութեան, հիմնադիրներուն, կառոյցներուն, գործունէութեան ու առաջադրանքներուն:
Տեսաերիզին մէջ նաեւ յատուկ կերպով շեշտուած էր Համազգայինի համահայկական դիմագիծն ու մշակոյթին ճամբով Հայ դատին ծառայելու մեկնակէտը:
Տեսաերիզէն ետք ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան հրաւէրով Լիբանան ժամանած «Քատանս» համոյթը, որ դասական եւ ժամանակակից երեք երաժշտական ստեղծագործութիւններու մատուցումով յառաջացուց գեղարուեստական բարձրորակ մթնոլորտ: «Քատանս» համոյթի ղեկավարն է Արմէն Պապախանեան:
Ապա Համազգայինի «Գայեանէ» պարի դպրոցի աշակերտուհիները ներկայացուցին «Երեքնուկ» պարը, որմէ ետք Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան խօսքը փոխանցեց Յակոբ Լատոյեան: Ան նշեց, որ ամեակներու տօնակատարութիւնը առիթներ են կատարելու հաշուեյարդար մը եւ վերանորոգուելու ու ամրապնդուած ձեւով շարունակելու մեր բազմաբնոյթ աշխատանքները:
Լատոյեան ըսաւ, թէ անցնող տասնամեակներուն համեստ պայմաններով սկսած, քաղաքացիական պատերազմի դժուար օրերուն տոկացած եւ պայքարած Համազգայինի Լիբանանի ընտանիքը այսօր նոր մարտահրաւէրներու դիմաց կը գտնուի՝ աւելցնելով, որ հակառակ տնտեսական եւ մարդուժի տագնապին ու մշակոյթի նկատմամբ հետաքրքրութեան բացակայութեան, անցնող տարիներուն Համազգայինը Լիբանանի մէջ մշակութային հրապարակը հարստացնողը եղած է:
Իր խօսքի աւարտին Յակոբ Լատոյեան հաստատեց, թէ 80-ամեակը առիթ մըն է նորոգելու մեր ուխտը, որովհետեւ մշակոյթը կþազնուացնէ հոգին, կը հարստացնէ միտքը եւ կþամրապնդէ մեր էութիւնը:
Օրուան առաջին պատգամէն ետք բեմ բարձրացաւ Համազգայինի «Քնար» պարախումբը, որ պարեց «Սայաթ Նովա»ն:
Այնուհետեւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անունով խօսք առաւ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան, որ յայտնեց, թէ Համազգայինը գաղափարական սերունդի մը մտածումի եւ աշխատանքի արգասիքն է. ազգային գաղափարախօսութեան պտուղ, հետեւաբար՝ հարազատ ու անկեղծ:
Մկրտիչեան հաստատեց, թէ անհրաժեշտ է ունենալ գիտակից ու գործօն քաղաքացի, գաղափարական մարդ, գաղափարական միութենական, գաղափարական կուսակցական պատրաստելու համար ծրագրուած, մանրակրկիտ, տեւական կերպով վերանորոգուող աշխատելաձեւ՝ աւելցնելով, որ մեր օրերուն սկսած է պակսիլ գործին նկատմամբ հաւատքը, որ արդիւնք է գաղափարական մարդոց համեմատական նուազումին:
Մկրտիչ Մկրտիչեան հարց տուաւ, թէ ինչպէ°ս կարելի է հաւատալ մէկուն, երբ կը հաստատես, թէ ինք իր արտասանած խօսքին չի հաւատար: Ան ըսաւ. «Գաղափարական մարդու անէացումը նպատակն է ազգային հաւաքականութիւնները անողնայար հօտերու վերածելու ներկայիս կիրարկուող քաղաքականութեան. մարդոց հոգիներն ու գրպանները կաշառելու մարտավարութեան»: Ապա ան հաստատեց, թէ Համազգայինը իր միջոցներով այսօր կը փորձէ ամբողջացնել գաղափարական մարդոց նօսրացող շարքերը՝ կրթութեամբ ու դաստիարակութեամբ, այնպէս, ինչպէս փորձեցին Լեւոն Շանթն ու Նիկոլ Աղբալեանը:
Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը իր խօսքը եզրափակեց շեշտելով, որ բոլոր խօսքերուն եզրակացութիւնը յստակ է՝ անսրբագրելի որակուելու գնով մնալ գերազանցապէս լաւատես:
«Քնար» պարախումբին կողմէ «Գնչուական» պարի ներկայացումէն ետք, գեղարուեստական յայտագիրի վերջին բաժինով ելոյթ ունեցաւ հայրենի արուեստագէտ Ալլա Լեւոնեան, որ Լիբանան կը գտնուի «Վանայ Ձայն»ի հրաւէրով: Ան երգեց «Եարը մարդուն եարա կու տայ», «Մայրօ» եւ «Մշոյ աղջիկ» երգերը:
Համազգայինի 80-ամեակի տօնակատարութեան շրջագիծին մէջ նաեւ տեղի ունեցաւ շքանշաններու տուչութիւն: Այս առիթով Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը պարգեւատրեց Ալիս Գազանճեանն ու Անթուան Քեհէեանը՝ իրենց երկարամեայ ծառայութեան առ ի գնահատանք: Քեհէեանի ընտանիքին հետագային պիտի փոխանցուի ենթակային շքանշանը:
Հանդիսութեան աւարտին իր հայրապետական պատգամը փոխանցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս, որ ըսաւ, թէ հանդիսութեան ժողովրդային հոծ բազմութեան ներկայութիւնը շօշափելի արտայայտութիւնն է 80 տարի շարունակ հայ մշակոյթին ծառայած Համազգայինի գործունէութեան:
Արամ Ա. կաթողիկոսը շեշտեց, թէ Համազգայինը հայ ժողովուրդի յանձնառու առաքեալն է, որ մշակութային արժէքներուն նկատմամբ ամուր հաւատքով մեր կեանքին մէջ կը շարունակէ ու պէտք է շարունակէ իր երթը:
Վեհափառը յայտնեց, թէ քրիստոնէութիւնը հայացած է շնորհիւ հայ մշակոյթին, որ կը հանդիսանայ հայութեան ազգային թէ անհատական ինքնարտայայտութեան կերպն ու որակը:
Արամ Ա. կաթողիկոսը շեշտեց, որ Հայաստան-Սփիւռք մշակութային կամուրջները պէտք է ամրացնել եւ հայ մշակոյթը պէտք է ծաղկեցնել, նոր արժէքներ կերտել ու ձեւաւորել:
Վեհափառը իր խօսքի աւարտին հաստատեց, թէ անցեալի իրագործումներուն ու նուաճումներուն պէտք է նայիլ մեծ հպարտութեամբ, սակայն նաեւ հարկ է ապագային համար աշխատանք տանիլ, քանի որ գործը չէ աւարտած, ու տակաւին հոգեւոր, մշակութային, կրթական եւ քաղաքական մարզերուն մէջ ընելիք կայ: Վեհափառը աւելցուց, որ հարկ է աշխատանքը շարունակել միասնաբար:
Նշենք, որ ձեռնարկի սկզբնաւորութեան ներկաներուն բաժնուեցան գրքոյկներ, որոնց մէջ զետեղուած են Համազգայինի 80-ամեայ երթը ներկայացնող տեղեկութիւններ, ինչպէս նաեւ շարք մը շնորհաւորագիրներ: