
Համազգայինի հիմնադրութեան 80-ամեակի տօնակատարութիւնը կոչուած է լոյսի բերելու անցեալի պանծալի գործունէութիւնը եւ նոր սերունդին ցոյց տալու, թէ ինչպիսի° նուիրեալ մշակներ քրտինք թափած են ինքնութիւն եւ դիմագիծ պահելու համար:
Այս իմաստով յատկանշական եղաւ Կիրակի, 22 Մարտ 2009 թուականը, երբ անգամ մը եւս հալէպահայութիւնը ուրախութեամբ հաւաքուեցաւ «Գէորգ Եսայեան» սրահին մէջ՝ վայելելու Համազգայինի 80-ամեակի յոբելենական հանդիսութիւնը՝ բարձր հովանաւորութեամբ Շահան եպս. Սարգիսեանի եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան: Հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան Հալէպի գլխաւոր հիւպատոս Արթուր Մանասէրեան, սուրիական խորհրդարանի երեսփոխան մեթր Սիւմպիւլ Սիւմպիւլեան, Բերիոյ թեմի Քաղաքական ժողովի ատենապետ Տարօն Աւետիսեան, Ազգային իշխանութեան Գաւառական, Քաղաքական եւ Կրօնական ժողովներու ներկայացուցիչներ, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչներ՝ Մարտիկ Տեմիրճեան, Տիգրան Ճինպաշեան, «Ազդակ»ի գրական էջի խմբագիր եւ բանաստեղծ Սարգիս Կիրակոսեան, մշակութային, մարզական, բարեսիրական եւ հայրենակցական միութիւններու ներկայացուցիչներ, հայկական վարժարաններու տնօրէններ եւ ուսուցիչներ, համազգայնական ընկերներ, բարերարներ եւ ծնողներ:
Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան կողմէ պատրաստուած եւ Գառնիկ Սէյրանեանի կողմէ բեմադրուած յատուկ յայտագիրի հիման վրայ, 80-ամեակի հանդիսութիւնը բացուած յայտարարեց Ֆիմի Տէր Յակոբեան՝ շեշտելով Համազգայինի առաքելութեան դերակատարութիւնը յատկապէս՝ սփիւռքեան մեր պայմաններուն մէջ:
Յայտագիրի ընթացքով յաջորդաբար չորս հանգրուաններով ներկայացուեցան Համազգայինի Սուրիոյ կազմակերպութեան 80 տարիներու գործունէութիւնը՝ 1928-1948, 1948-1968, 1968-1988 եւ 1988-2008 ժամանակաշրջանները ընդգրկող:
Ապա Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան խօսքը արտասանեց ատենապետ Հռիփ Կանանեան, իսկ Կեդրոնական վարչութեան խօսքը՝ լիազօր ներկայացուցիչ Տիգրան Ճինպաշեան:
Յիշենք, որ Համազգայինի 80-ամեակին առիթով Կեդրոնական վարչութեան պատրաստած գրքոյկները հանդիսատեսներուն բաժնուեցան սրահի մուտքին:
Պատմական վկայութիւններու կողքին գեղարուեստական յայտագիրին յաջորդաբար իրենց մասնակցութիւնը բերին Համազգայինի «Սարդարապատ» պարախումբը՝ ղեկավարութեամբ Պետրոս Ղարիպեանի, «Զաւարեան» թատրոնը, ներկայացնելով հատուած մը վերջերս բեմադրուած «Կռունկը կը կանչէ» թատերախաղէն՝ բեմադրութեամբ Գառնիկ Սէյրանեանի, ինչպէս նաեւ մանկապատանեկան թատրոնը, որ ներկայացուց Կոմիտասի ծննդեան 140-ամեակին նուիրուած ներկայացումէն հատուած մը՝ բեմադրութեամբ Մարինէ Ասատրեան-Սէյրանեանի, «Բ. Կանաչեան» երաժշտանոցի լարային քառեակը՝ ղեկավարութեամբ Գայիանէ Գալեմքեարեանի, ապա «Զուարթնոց» երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ Գայիանէ Պաղտասարեանի:
Յայտնենք, որ բոլոր միութիւնները յատուկ շնորհաւորագիրներով իրենց բարեմաղթութիւնները փոխանցած էին այս առիթով:
Ոգեշնչող մթնոլորտի մէջ բեմ հրաւիրուեցաւ առաջնորդ սրբազան հայրը՝ ընթերցելու Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի օրհնութեան կոնդակը, ուղղուած Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան, Շրջանային վարչութիւններուն եւ բոլոր համազգայնականներուն:
Կոնդակի յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք սրբազան հօր բարեմաղթութիւններով, զօրակցութեան արտայայտութեամբ եւ օրհնութեան աղօթքով փակուեցաւ Համազգայինի 80-ամեակի հանդիսութիւնը: