
Համազգայինի 80ամեակի տօնակատարութեան ծիրէն ներս, Չորեքշաբթի 1 Ապրիլի երեկոյեան, Այիա Փարասքէվիի «Փիրս» գոլեճէն ներս, տեղի ունեցաւ հրապարակային հանդիսութիւն, մեր գաղութի կառոյցներու բոլոր ներկայացուցիչներու եւ հայրենակիցներու ներկայութեան:
Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Յունաստանի մօտ ՀՀ դեսպան պրն. Վահրամ Կաժոյեանը եւ տիկին Վալիա Կաժոյեան, Յունահայոց թեմակալ առաջնորդ Գերշ. Տ. Խորէն եպս. Տողրամաճեան եւ կրօնական դասը, հայ աւետարանական եկեղեցւոյ առաջնորդ վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեան, դեսպանութեան խորհրդական Սերովբէ Բեջանեանը:
Ներկայ էին Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի, Յունահայոց Ազգային Վարչութեան, Հ. Կ. Խաչի, Համազգայինի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային Վարչութեանց ներկայացուցիչներ, Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական ու Պատանեկան Միութիւններու անդամներ, վարչական ներկայացուցիչներ:
Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցաւ Նէա Զմիռնիի փոխ քաղաքապետ եւ մշակութային միութեան նախագահ Վանկելիս Խաչատուրեան, ինչպէս նաեւ ET կայանի նկարահանումներ կատարող մէկ խմբակը, որ երիզագրեց ձեռնարկը, «Ափօ փու քրաթաի ի սքուֆիա սաս» յայտագրի ծիրէն ներս ցուցադրուելու համար (Հոկտեմբեր 2009ին):
Բացման խօսքը կատարեց Համբիկ Յովսէփեան, ապա հանդէս եկաւ Համազգայինի «Յակոբ Փափազեան» երգչախումբը« ղեկավարութեամբ խմբավար տիկին Ռուզաննա Գրիգորեանի: Յաջորդաբար ներկայացուեցան Համազգայինի քայլերգը (երաժշտթ. Յ. Փափազեանի), «Գովք Հայաստանի» (Յ. Փափազեանի), «Հայրենի կարօտ» (Բ. Կանաչեանի), «Նոր Հայաստան» (Ս. Լուսիկեանի) եւ «Ազգ Փառապանծ» (Ա. Պապաճանեանի) երգերը: Դաշնակով ընկերացաւ Վարդենի Սպարթալեանը:
Ժողովուրդը բարձրօրէն գնահատեց երգչախումբի կատարումները եւ իր խմբավարի բարձրորակ ընտրութիւնները, որ հայկական երաժշտութեան հրամցուցած նմուշներով հմայեց ներկաները:
Ապա խօսք առին Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան եւ Յունաստանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի Նուարդ Չալեան:
Յայտագիրի վերջին մասով ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Նայիրի» պարախումբը, որ տարիներու իր տաղանդաւոր պարուսոյց Յովհաննէս Խաչիկեանի ուսուցումով, ներկայացուց յաջորդաբար «Շիրակի», «Կապոյտ թռչունը», «Քոչարի», «Հայոց աղջիկներ» եւ «Բերդ» պարերը, ծափողջոյններու ալիք բարձրացնելով սրահէն ներս եւ խանդավառելով ներկաները:
Իւրայատուկ էր յատկապէս պատրաստուած երիզի ցուցադրութիւնը, ուր տեղ գտած էր Համազգայինի հիմնադրութեան, մշակոյթի բնագաւառէն ներս տարբեր գաղութներու մէջ միութեան գործունէութեան, ինչպէս նաեւ Յունաստանի մէջ յատկապէս երգ-պար-թատրոն գործունէութեան երկար տարիներու աշխատանքի ներկայացումը, իրերայաջորդ Շրջանային Վարչութիւններու եւ նախապէս ատենապետութիւնը վարած անդամներու նշումներով: Երիզը պատրաստուած էր Կիրակոս Մկրտիչեանի կողմէ, մեր թերթի գործակից ընկ. Մանուէլ Սավուլեանի նկարահանումով: Մեծապէս գնահատելի աշխատանք մը, որ իր ուրոյն արժէքը պիտի ունենայ նաեւ յետ այսու, միութեան եւ գաղութի գործունէութեան արձանագրութեան ծիրէն ներս:
Ձեռնարկի ըկնթացքին արտասանուած խօսքերը կարդալ ճնշելով ստորեւ.
http://www.azator.gr/archive/2009/apr/020409/lur1.html
(Ազատ Օր օրաթերթ)