
Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած եւ Համազգայինի 90-ամեակին նուիրուած ձեռնարկները ընթացք առին Հինգշաբթի, 21 Փետրուար 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ: Այս առիթով բարի գալուստի խօսք արտասանեց Հուրի Զաքարեան:
Բեմայարդարումը շատ պարզ էր ու հանդարտութիւն ներշնչող` զոյգ աթոռ ու սեղան մը: Բեմը շունչ ու ոգի կը ստանար Համազգայինի «Սօս Սարգսեան»-ի անուան թատրոնի հայրենի տաղանդաւոր արուեստագէտներ Արման Նաւասարդեանի եւ Տաթեւիկ Ղազարեանի գեղեցիկ, հաղորդական, մերթ յուզիչ, մերթ խանդավառող, մերթ սիրոյ մեղեդիներով օրօրող ասմունքներով: Անոնց հոգիներուն խորերէն եւ ասմունքելու ուրոյն ոճով թատերասրահին մէջ կը թեւածէին Յովհաննէս Թումանեանի, Համօ Սահեանի, Պետրոս Դուրեանի, Մուշեղ Իշխանի, Պարոյր Սեւակի, Սիլվա Կապուտիկեանի, Մատթէոս Զարիֆեանի, Եղիշէ Չարենցի եւ Վահագն Դաւթեանի ստեղծագործութիւնները: