
Համազգայինի 90-ամեակ… Առիթ` վերյիշելու պատմութիւնը, յարգանք եւ շնորհակալութիւն յայտնելու կրթական ու մշակութային մեծ առաքելութիւն ծաւալած այս միութեան հիմնադիրներուն նկատմամբ, երախտագիտական զգացումներ արտայայտելու հանդէպ բոլոր անոնց, որոնք իրենց անձնական կեանքին մէկ կարեւոր բաժինը անանձնականացուցին` Համազգայինի յարատեւման, անոր գործունէութեան ծիրի ընդարձակման, տարբեր բնագաւառներու մէջ յաջողութիւններու կերտման վեհ նպատակին համար: Առիթ` 90 տարուան հաշուետուութեամբ ներկայանալու հանրութեան եւ հաստատելու, որ 9 տասնամեակ ետք միութիւնը հաւատարիմ է հիմնադիրներու կտակին, յայտարարելու, որ, հակառակ տարիներու թաւալքին, սփիւռքի ու Հայաստանի մէջ պայմաններու փոփոխութեան, մարտահրաւէրներու բազմացման, տակաւին Համազգայինի երդիքին տակ կը հնչեն հայ երգն ու երաժշտութիւնը, իրերայաջորդ սերունդներ պար կը բռնեն, կը նկարեն ու կը ստեղծագործեն, հայ գիր, գիրք ու գրականութիւն կը պահուի ու կը տարածուի, ճեմարաններ կը շարունակեն սերունդներ դարբնել ու ազգի ապագայ ծառաներ պատրաստել…
Համազգայինի 90-ամեակը Կիրակի, 24 Փետրուար 2019-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ նշուեցաւ տպաւորիչ հանդիսութեամբ, որ լաւագոյն ապացոյցն էր միութեան առաքելութեան յաջողութեան, որովհետեւ բեմին վրայ գեղեցիկ ու խօսուն ներկայութիւն էին Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնի աշակերտներն ու ուսուցիչները, հայրենի տաղանդաւոր արուեստագէտներ, Համազգայինի պատասխանատուներ, նաեւ, հպարտօրէն, այս միութեան տարբեր բնագաւառներուն ծառայած նուիրեալներ, որոնց պարգեւատրումը սիրտ լեցնող է բոլորին համար: Տարբեր սերունդներ, Հայաստանն ու սփիւռքը, հայերէն խօսող, երգող, պարող եւ նուագող նորահասներ, ներկայիս միութեան երթին համար գործողներ եւ երախտաւորներ… Մանրանկար մը` 90 տարուան ուղիին:
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներէն ետք ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեցին, հանդիսութեան բացումը կատարեցին, մէջընդմէջ Համազգայինի հիմնադիրներուն, գործունէութեան, աշխատանքային տարբեր բնագաւառներուն ու առաքելութեան մասին խօսեցան եւ յայտագիրը վարեցին հայրենի արուեստագէտներ, Համազգայինի «Սօս Սարգսեան»-ի պետական թատրոնի անդամներ Տաթեւ Ղազարեանն ու Արման Նաւասարդեանը:
Ապա «Տաւիղ» նուագախումբը հանդէս եկաւ կոմիտասեան եւ ժողովրդական մեղեդիներու շարանով մը` գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Մկրտիչ Միքայէլեանի:
Մանրամասնութիւնները կարդալ այստեղ:
Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեանի խօսքը կարդալ այստեղ: