
Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան հրաւէրով, Շաբաթ, 18 Մարտ 2023-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Քասլիքի Սուրբ հոգի համալսարանի սրահին մէջ ելոյթ ունեցաւ նախկին լիբանանահայ, Քանատայէն, միջազգային դաշնակահար եւ յօրինող Սէրուժ Գրաճեան` ընկերակցութեամբ իր նուագախումբին, որուն մաս կը կազմէին հայրենի տաղանդաւոր արուեստագէտներ Արամ Ասատրեան` ջութակ, Եւա Գէորգեան` թաւջութակ եւ Արամ Գալստեան` փըրքաշըն եւ թրոմփեթ: Յայտնենք, որ համերգին հասոյթը պիտի տրամադրուի գեղարուեստի դպրոցներու «Սան որդեգրելու ֆոնտ»-ին:
Ամբողջութեամբ լեցուն սրահին մէջ մշակութասէր բազմութեան շարքին ներկայ էին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, Լիբանանի մէջ Ռումանիոյ դեսպան Ռատու Մարտար, Հայաստանի դեսպանատան ներկայացուցիչներ, մշակոյթի նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ուիսամ Մուրթատայի ներկայացուցիչ, նախկին եւ ներկայ նախարարներ եւ երեսփոխաններ, Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան, ՀԲԸՄ-ի նախագահ Ժիրայր Թիւֆէնքճեան, ՀՄԸՄ-ի եւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեանց ներկայացուցիչները, հոգեւորականներ, համայնքային, կուսակցական, մշակութային, մարզական, բարեսիրական միութիւններու պատասխանատուներ, Համազգայինի բարերարներ:
Համերգի բարի գալուստի խօսքը անգլերէն լեզուով արտասանեց Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամ դոկտ. Լիզա Պաստաճեան: