
2 Սեպտեմբեր 2023-ը ոսկի տառերով պիտի արձանագրուի ընդհանրապէս Համազգայինի հայ կրթական եւ մշակութային միութեան, բայց մասնաւորապէս Այնճարի «Պ. Սեւակ» մասնաճիւղի պատմութեան մէջ. Համազգայինը` իբրեւ մշակութային արժէքներու որակաւորման վաւերական կեդրոն, փայլուն փարոս, բաբախող սիրտ եւ մանաւանդ Մուսա Լեռ- Այնճարի նորահաս սերունդներու տաղանդները յղկող, մտքերը պայծառացնող ու անոնց ազգային դիմագիծ տուող, երբեք չյոգնող նպատակասլաց միջավայր:
Արդարեւ, մեր երիտասարդ եւ կրտսեր համազգայնականները իրենց բծախնդիր եւ կշռութաւոր կատարումներով հմայեցին ներկաները` Համազգայինի 95-ամեակի տօնակատարութիւնը պսակելով դալարագեղ դափնիներով, միութեան ղեկավարութիւնը դնելով պարտաւորեցնող նոր յանձնառութիւններու տակ:
Համազգայինի հիմնադրութեան 95-ամեակը Այնճարի մէջ նշուեցաւ հարուստ եւ ոգեւորիչ յայտագիրով, ինչպէս նաեւ` խորիմաստ ու թելադրական խօսքերով:
Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի նախագահութեամբ, որ իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Համազգայինին տարածած համասփիւռքեան մշակութային եւ կրթական գործունէութեան կարեւորութեան:
Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան խօսքը պարտասանեց Նայիրա Ադամեան` կարեւոր նկատելով մշակութային հետեւողական աշխատանքը, նաեւ յաջողութիւն մաղթեց «Պ. Սեւակ» մասնաճիւղի վարչութեան:
Օրուան պատգամախօսն էր Շաղիկ Գանտահարեան-Խիւտավերտեան, որ նախ անդրադառնալով իր անհատական կազմաւորումին մէջ Համազգայինի ներգործած բազմաբովանդակ ազդեցութեան` շեշտեց անոր կարեւորութիւնը հայկական միջավայրի մէջ, մանաւանդ` սփիւռքի տարածքին: Ան Համազգայինի հիմնադրման եւ բազմաբեղուն գործունէութեան պատմական հակիրճ ակնարկէ ետք կարեւոր նկատեց այս իւրայատուկ միութեան յարատեւ եւ հետեւողական գործունէութիւնն ու աշխատանքները: (Խօսքին ամբողջութիւնը):