
2013 Մայիսի 14-ին եւ 15-ին, Հայաստանի Համազգային պետական թատրոնը հիւրընկալուած էր Արցախի մէջ:
Համազգային թատրոնը հիմնադրուած է 1991-ին դերասան Սօս Սարգսեանի կողմէ: Թատրոնի հիմնադրման, ճանաչման եւ զարգացման մէջ մեծ աւանդ ունին արուեստագէտներ՝ Մայիս Կարագիոզեան, Շահում Ղազարեան, Հրաչեայ Գասպարեան, Կալիա Նովենց, Դաւիթ Յակոբեան, Կարինէ Ջանջուղազեան, Միքայէլ Պօղոսեան, Աննա Էլբակեանը, Նելլի Խերանեան, Տիգրան Ներսիսեան, եւ ուրիշներ:
Արցախցի հանդիսատեսը հնարաւորութիւն ունեցաւ դիտելու երկու ներկայացում ` «Բլեզ» (բեմադրութեամբ Հրաչեայ Գասպարեանի ) եւ «Տրագիկոմեդիան» (բեմադրութեամբ Վիգէն Ստեփանեանի):
Թատրոնը պարբերաբար հիւրախաղերով հանդէս կու գայ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի գրեթէ բոլոր մարզերուն մէջ, իսկ արտասահմանի մէջ` Թատրոնը հանդէս եկած է Ֆրանսայի, Պելճիքայի, Ռուսաստանի, Իրանի, Լիբանանին մէջ եւ այլուր: