
Յունիս 2023-ի շաբաթավերջին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգային Լիբանանի կառոյցի ԻԹ. Շրջանային ժողովը` Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչներու, Համազգայինի Լիբանանի կառոյցին մօտ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչին, «Ազդակ»-ի եւ «Վանայ ձայն»-ի տնօրէններուն, Համազգայինի Լիբանանի տարածքային եւ մասնագիտացած մասնաճիւղերու պատգամաւորներու, հրաւիրեալներու, Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու պատասխանատուներու եւ ուսուցիչներու ներկայութեան:
Ժողովականներուն ներկայացուեցան ընթացաւարտ Շրջանային վարչութեան երկամեայ գործունէութեան եւ նիւթական տեղեկագիրները: Անոնք իրենց քննարկումներուն ընթացքին բարձր գնահատեցին Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, անոր հովանիին տակ գործող յանձնախումբերուն եւ կառոյցներուն, տարածքային եւ մասնագիտացած մասնաճիւղերու վարչութիւններուն, ինչպէս նաեւ Գեղարուեստի դպրոցներու պատասխանատու մարմիններուն տարած աշխատանքը: Շեշտուեցաւ, որ Համազգայինի Լիբանանի կառոյցը նախորդ երկու տարիներուն ընթացքին կրցած է ամբողջութեամբ շրջանցել համավարակային դժուարութիւններու փուլը, մշակութային գործունէութիւնը ծաւալած է եւ ընդհանրապէս մտած է վերաշխուժացման հուն: