Միջին Արեւելք
Շրջանային Վարչութիւններ

Նուիրատուութեամբ՝ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան, հովանաւորութեամբ՝ Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան, Գամիշլիի Ազգային Եփրատ Մանկապարտէզի աշակերտերը ստացան ամանորեայ իրենց նուէրները «Լալա եւ Արա»-ի գազակներ։
Արդարեւ Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան անդամ՝ Ռիթա Տէր Սարգիսեան-Կարապետեան եւ Համազգայինի «Աւետիս Ահարոնեան» վարչութեան ընկերուհիները այցելեցին Ազգ. Եփրատ Մանկապարտէզ, բաժնելու համար Կաղանդ Պապայի ընծաներ, ինչպէս նաեւ թելադրեցին արձակուրդին օգտուիլ Լալայի ու Արայի ուսուցողական տեսաերիզներէն ու խաղերէն։