
8 Դեկտեմբեր, 2018-ին Համազգային Հայ Կրթական եւ մշակութային Միութեան Լոնտոնի մասնաճիւղի նախաձեռնութեամբ կատարուեցաւ միութեան հիմնադրութեան 90-ամեակի տօնակատարութիւնը։
Ձեռնարկին ներկայ էին Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Սելլա Թնճուկեան, գաղութիս առաջնորդ Գերաշնորհ Հայր Յովակիմ Եպիսկոպոս Մանուկեան, Համայնքային Խորհուրդի ատենապետ Արման Աբրամեան, այլ երեւելի դէմքեր եւ հոծ բազմութիւն մը։
Ձեռնարկը կը բաղկանար երկու մասերէ, առաջինը՝ խօսքեր եւ ֆիլմի ցուցադրութիւն, երկրորդը՝ գեղարուեստական։
Օրուան խօսնակներն էին մասնաճիւղիս երիտասարդ անդամներէն Արդա Հալաճեան եւ Անդրէ Ասատրեան, որոնք ձեռնարկին բացումը կատարելով հրաւիրեցին միութեանս նախագահ Հրաչ Պօղոսեանը շնորհաւորական եւ բարի գալուստի իր խօսքը փոխանցելու։ Ապա ներկաները ականատես եղան Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ պատրաստուած կարճ ֆիլմի մը ցուցադրութեան, որ կը ներկայացնէր միութեան հիմնադրման մանրամասնութիւնները ու անոր տուն տուող պատճառները։
Այնուհետեւ Սելլա Թնճուկեան փոխանցեց Կեդրոնական Վարչութեան օրուան պատգամը, մեմտելով միութեան անցեալի ու ներկայ գործունէութիւնը աշխարհով մէկ, մեկնաբանելով նաեւ ապագայի սպասուող ընթացքը։ Խօսքի վերջաւորութեան ընկերուհին Կեդրոնական Վարչութեան անունով պարգեւատրումը կատարեց շրջանիս վաստակաւոր համազգայնական, հիմնադիր անդամ եւ ազգային գործիչ Հայաստան վարդանեանին։
Մասնաւոր պատրաստուած ընթրիքէն ետք, սկսաւ ձեռնարկի գեղարուեստական բաժինը. ելոյթ ունեցան գաղութիս Կիրակնօրեայ ու շաբաթօրեայ երկու դպրոցներու տաղանդաւոր երիտասարդներ ու պատանիներ, ինչպէս նաեւ՝ արհեստավարժ երգիչներ։ Ելոյթները կը ներկայացնէին զանազան ազգային եւ գեղարուեստական երգեր պարեր նուագներ ու արտասանութիւններ։
Իւրաքանչիւր ելոյթը ներկայացնելով օրուան խօսնակները ներկաներուն կը յիշեցնէին նաեւ Հայերէն լեզուի մասին զանազան արտայայտութիւններ՝ արտասանուած ազգիս մեծագոյն գրողներու, բանաստեղծներու ու այլ ազգային գործիչներու խօսքերէն:
Ձեռնարկը տեւեց շուրջ երկու ժամ ու փակուեցաւ ներկաներու մեծ գոհունակութեամբ։
Հրաչ Պօղոսեան