
Ամառնային ամիսները Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան համար բնորոշուեցան՝ իր Երաժշտանոցի աշակերտներու կողմէ Նէա Զմիռնիի քաղաքապետական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած համերգային յաջող հանդիսութեամբ,այլ մանաւանդ՝ իր պարախումբի՝ «Նայիրի», «Նանօր» եւ «Մարալօ» երեք մակարդակներու երկսեռ բաժիններու մշակութասէր տարբեր ելոյթներով, որոնք իրենց գագաթնակէտին հասան Սեպտեմբերի վերջ Նէա Զմիռնի պուրակին մէջ տեղի ունեցած «Իոնիքէս Եորթէս» քաղաքակրթական փառատօնի ծիրէն ներս բացառիկ համոյթով մը։
Արդէն աշունը եկաւ եւ միութեան աշխատանքները նոր փուլի մը առջեւ կը գտնուին։ Այդ նոր փուլը կարելի է բնորոշել միութենական ու կազմակերպական յաջորդական աշխատանքներու նախապատրաստական հանգրուան, որ պիտի յանգեցնէ միութեանս 19-րդ Բացառիկ Շրջանային Ժողովին, որ պիտի գումարուի Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբին մէջ, Կիրակի 9 Նոյեմբերի առաւօտեան ժամը 11-ին։