
Մտային, հոգեկան, այլեւ գեղարուեստական մշակումի ճաշակով ու տրամադրութեամբ, փոխադարձ ծանօթացման ու միասնաբար վայելքի քանի մը ժամեր հաւաքաբար անցընելու նպատակով, Յունաստանի Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Շրջանային Վարչութեան հրաւէրին ընդառաջելով, միութենական անդամներու, վարչութիւններու եւյանձնախումբերու միացեալ ճաշկերոյթ մը տեղի ունեցաւ Կիրակի՝ 20 Դեկտեմբեր 2015ի երեկոյեան, Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբի սրահէն ներս։
Ժամանակը յաճախ կը դաշնակցի մեզ հետ։ Այսպէս, գործող Շրջանային Վարչութիւնը, Համազգայինի Պատգամաւորական¬Ներկայացուցչական ժողովէն տարի մը անց, նպատակայարմար գտաւ համախմբելու, առաջին հերթին, Ատիկէի մէջ գործող միաւոր կառոյցները, իրարու հետ փոխադարձ ծանօթացման ու ճանաչման լաւ առիթ մը ստեղծելու հեռանկարով։
Սոյն ճաշկերոյթին ներկայ եղան Յունաստանի թեմակալ առաջնորդ Խորէն Արք. Տողրամաճեան, Ատիկէի «Սօս¬Վանի» մասնաճիւղի վարչական կազմը, «Յակոբ Փափազեան» քառաձայն երգչախումբի երկսեռ անդամներ, յանձնախումբն ու սիրուած խմբավար Հրայր Աւագ Քհնյ. Նիկոլեան, «Նայիրի» պարախումբի պարողներ՝ իրենց յանձնախումբով եւ նուիրեալ պարուսոյցով՝ ընկ. Էտկար Եղեան, «Արշաւիր Գազանճեան» թատերախումբը՝ իր յանձնախումբով եւ տաղանդաւոր բեմադրիչով՝ Ալեքսի Սարիեան, Համազգայինի Երաժշտանոցը եւ անոր աշակերտները՝ գլխաւորութեամբ իրենց դաշնակի դաստիարակ ընկ. Գոհար Չիմանեանի, Համազգայինի Լուսանկարչական յանձնախումբի անդամներ, դիմատետրի «facebook» յանձնախումբը, ինչպէս նաեւ Յունաստան ծնած կամ ապրող երիտասարդ տաղանդաւոր նուագողներ, որոնց ելոյթը վայելեցինք քանի մը շաբաթ առաջ, իրենց փորձառու դաստիարակ տիկին Այտա Փաշինեանի գլխաւորութեամբ։
Նոր սերունդի դերն է իր ազգի պատմութիւնը գրել։ Եւ մեր երիտասարդները իրենց համեմատական որակով կը գրեն յունահայ գաղութի իրենց վիճակուած բաժնի պատմութիւնը։ Մեր միութիւնները ա՛յդ երաշխաւորութիւնը կու տան անոնց՝ սորվեցնելով, որ հաւաքական շահը անհատական շահէն աւելի բարձր պէտք է դասել։
Ճաշկերոյթին յաջորդող գեղարուեստական բաժինը վարելու պարտականութիւնը վստահուած էր ընկ. Լիլիթ Մուրատեանին։ Ընկերուհին առաջին առթիւ խօսք տուաւ յունահայոց թեմակալ առաջնորդ Խորէն Արք. Տողրամաճեանին, որ վեր առաւ հայ մշակոյթի դերը յատկապէս սփիւռքեան հայագաղութներուն մէջ, ինչ որ յաւելեալ իմաստ կուտայ նոր սերունդին՝ հայ մշակոյթին փարելու եւ հայկական արժէքները պահպանելու տեսակէտէ։