
Հովանաւորութեամբ Այնճարի ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէին եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղին, Շաբաթ, 6 Հոկտեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին եւ անկախութեան վերականգնման 27-ամեակին առիթով ազգագրական եւ ազգային երգերու երեկոն, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցան հայրենի երգիչներ` Գոհար Յովհաննիսեան, Ռուբէն Սասունցի եւ Աղասի Իսպիրեան:
Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի վարչութեան անունով Նաթալի Քենտիրճեան` բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, հրաւիրեց բոլորը մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու տաղանդաւոր երգիչ Շարլ Ազնաւուրի յիշատակը: Ան յայտնեց, որ «Հայաստանի Հանրապետութեան զոյգ անկախութիւններու առիթով ազգագրական եւ ազգային երգերու փառատօն է այսօր»: Շարունակելով ան ըսաւ. «Բազմախորհուրդ ու բազմաշերտ է աւանդը մայիս 28-ին, անգնահատելի ներգործութեամբ յատկապէս սփիւռքի հայութեան կեանքին վրայ: