ԱՄՆ եւ Գանատա
Շրջանային Վարչութիւններ

Կիրակի 1 Մայիս 2022-ին, Սարոյեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայկական Արուեստի Փառատօնը, զոր կազմակերպած էր Համազգայինի Սան Ֆրանսիսքոյի «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղը։ Փառատօնին իրենց ձեռային աշխատանքները եւ ստեղծագործութիւնները ներկայացուցին Ծովածոցի հայ արուեստագէտները եւ ձեռներէցները։ Այցելուները ծանօթացան արուեստագէտներուն եւ մեծ հետաքրքրութեամբ դիտեցին ու նաեւ առիթը ունեցան գնելու անոնց աշխատանքները։
Ցուցահանդէս – վաճառքի աշխոյժ, մտերմիկ մթնոլորտը հրաշալի տպաւորութիւն ձգեց ե՛ւ մասնակից արուեստագէտներուն, ե՛ւ այցելուներուն վրայ։