
Միջին Արեւելքի տարածքը, մանաւանդ Միջագետքը, իր Տիգրիս եւ Եփրատ երկու մէծ գետերով հին ժամանակներէն ի վեր եղած է օրրանը զանազան ժողովուրդներու: Հայոց պատմութիւնը իր վաղ ժամնանակներէն ի վեր մօտէն կապուած է այս տարածքին հետ, ինչպէս երեւելի է «Հայկ ու Բելի», «Սասունցի Դաւիթի», «Արա Գեղեցիկի» եւ այլ դիւցազնավէպերու մէջ:
Ահա այս նիւթով, Կիրակի, 3-01-2010-ին, Լոնտոնի Նաւասարդեան Կեդրոնին մէջ, Համազգային - Լոնտոնի նախաձեռնութեամբ, Հանրային դասախօսութեամբ ելոյթ ունեցաւ Լոս Անճելոսէն պատմաբան Պետրոս Թովմասեան: Դասախօսութեան խորագիրն էր «Հայկական Լեռնաշխարհը եւ Միջագետք»:
Համազգային-Լոնտոնի նախագահ՝ Հայաստան Վարդանեան, բացման հակիրճ խօսքով մը ներկայացուց օրուան դասախօսը, շեշտելով սեփական պատմութիւնը հասկնալու կարեւորութիւնը՝ արժանավայել կերպով կերտելու ներկան ու ապագան:
Դասախօսը ներկայացնելով նոյն խորագրով 2006 թուականին հրատարակած իր գիրքը հետաքրքիր ու պարզ բացատրականով մը, ընկերակցութեամբ բացատրողական ցուցակներով ու քարտէսներով, անդրադարձաւ Հայկական լեռնաշխարհի ու Միջագետքի ժողովուրդներու ու քաղաքակրթութիւններու միջեւ կայացած յարաբերութիւններուն ու միմեանց պատմութեան վրայ անոնց փոխազդեցութեան, անոնց ստեղծման ու զարգացման դարաշրջաններուն, սկսած հին ժամանակներէն մինչեւ Բագրատունեաց Հարստութեան վերջը՝ 1045Թ ՔԵ: Ան մասնաւորապէս ծանրացաւ մեր պատմութեան այն դրուագներուն վրայ, երբ հայ ժողովուրդը՝ շնորհւ իր միասնական ուժերուն կրցած է վանել թշնամին իր հայրենիքի սահմաններէն. դասեր, որոնց կարիքը այսօր եւս խստօրէն կը զգացուի:
Դասախօսը եզրափակեց իր խօսքը առանձնացնելով հայոց լեզուն ու մշակոյթը իբրեւ ամենակարեւոր ազդակները, որոնց շնորհիւ հայ ժողովուրդը կրցած է պահպանել իր ինքնութեան գոյութիւնը դարեր շարունակ՝ նոյնիսկ օտար ժողովուրդներու ամենախիստ ազդեցութեան ներքոյ:
Դասախօսութիւնը տեւեց շուրջ 45 վայրկեան, որմէ ետք՝ յագեցնելու համար ներկաներուն հետաքրքրութիւնը մեր պատմութեան ու դիւցազնավէպերուն զանազան դրուագներու մասին, տեղի ունեցաւ հարցում-պատասխան, որ տեւեց շուրջ մէկ ժամ:
Երեկոյին ներկայ էին Լոնտոնի Համայնքային եւ Եկեղեցական Խորհուրդի անդամներ, զանազան միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ շուրջ 100 հոգի հաշուող բազմութիւն մը, ներառեալ՝ ազգային բարերարներ Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեանները:
Հրաչ Պօղոսեան
3/01/2010