Եւրոպա
«Հայերն այսօր».- Համազգային մշակութային միութեան Պրազիլի մասնաճիւղի «Արեւիկ» եւ «Կիլիկիա» պարախումբերը 29 Յուլիս 2018-ին մասնակցած են Սան Փաուլոյի մէջ կայացած Ազգերու փառատօնին, որ կ՛իրականացուի արդէն 5-րդ անգամ:
Փառատօնի մասնակիցները ներկայացուցած են իրենց երկիրներու ազգային խոհանոցը, մշակոյթը: Ներկաները կրցած են ոչ միայն համտեսել պատրաստուած ուտեստներն այլեւ փառատօնի անմիջական մասնակիցը դառնալ:
Փառատօնին հայկական պարախումբերը հանդէս եկած են հետաքրքիր նախաձեռնութեամբ եւ ներկաներուն սորվեցուցած հայկական պարեր` Թամզարա, Կարնոյ քոչարի, Մշոյ խըռ, եւայլն:
«Մասնակիցները շատ խանդավառուեցան հայկական պարերու գեղեցկութեամբ: Անոնք միաժամանակ շատ հետարքրքրութեամբ լսած են փոքրիկներու պարախումբի պարուսոյց Անաիս Զատիկեանի բացատրութիւնները հայկական պարերու, մշակոյթի, պատմութեան վերաբերեալ»,- «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին նշեց Վարդինէ Գալաջեան:
