
Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան գրական-գեղարուեստական յանձնախումբը՝ օգտուելով «Բագին» գրական հանդէսի խմբագիր Յակոբ Պալեանի Լոս Անճելըս այցելութենէն, կազմակերպեց երկու ձեռնարկ՝ նուիրուած հայոց լեզուի ներկայ իրավիճակին: Զոյգ ձեռնարկները տեղի ունեցան Կլէնտէյլի ԼԱՐՔ երաժշտական ընկերակցութեան սրահը, հանդիսավարութեամբ՝ Սեդա Գրիգորեանի:
Առաջինը գործադրուեցաւ կլոր սեղանի ձեւով՝ գործակցութեամբ Լոս Անճելըսի մէջ գործող կրթական եւ մշակութային միութիւններու, Շաբաթ, 26 Ապրիլ 2014-ին, նիւթ ունենալով՝ «Հայերէնը եւ Հայեցի կրթութիւնը Ազգային Ռազմավարութիւն» ընդհանուր խորագիրը:
Մասնակիցներն էին՝ Յակոբ Պալեան (Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւն), Յարութ Տէր Դաւիթեան (Նոր Սերունդ Մշակութային Միութիւն), Օշին Քէշիշեան (Թէքէեան Մշակութային Միութիւն), Հրաչ Սեփեթճեան (Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն), Մինաս Գոճայեան (Հայաստանի Գիտութեան եւ Արուեստի Ազգային Ակադեմիա) եւ Վաղարշակ Վարդանեան («Մեսրոպեան Ուխտ»):
Կազմակերպիչ յանձնախումբի անունով Սեդա Գրիգորեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն՝ նշելով, որ հայեցի կրթութիւնը անցեալին սփիւռքի ցաւն էր, սակայն ներկայիս անիկա վերածուած է ընդհանուր եւ համազգային մտահոգութեան՝ Սփիւռք եւ Հայաստան: Ապա ան նախապէս պատրաստուած տարբեր հարցադրումներով դիմեց իւրաքանչիւր մասնակիցի, որպէսզի ընդգրկուն այս նիւթին էական երեսներն ու հիմնական խնդիրները բերուին սեղան եւ արժանանան համապատասխան քննարկման:
Մօտաւորապէս երկու ժամ տեւած կլոր սեղանի ընթացքին քննարկուեցան հայերէնի եւ հայախօսութեան այսօրուան պատկերը, շրջապատի ազդեցութիւնը՝ հայախօսութեան եւ հայերէնի ընկալման վրայ, ազգային գաղափարախօսութեան տարածման ձախողութիւնը՝ հաւաքական մեր կեանքէն ներս, հայերէն ուսուցանողներու եւ օտար լեզուներ դասաւանդողներու որակական տարբերութիւնը՝ մասնագիտական պատրաստուածութեան առումով, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր աշխարհագրական շրջանի եւ ընկերամշակութային կացութեան համապատասխան դասագիրքերու խնդիրը, այլեւ ըստ տարիքի բառամթերքի սահմանումը, գիտութիւններու յատուկ բառապաշարի իւրացումը եւ լեզուական-ուղղագրական-քերականական բարդութիւնները, որոնց հանրագումարը հանդիսացաւ հայոց լեզուի ու հայեցի կրթութեան ռազմավարական նշանակութիւնը:
Կլոր սեղանի մասնակից մասնագէտները, գրող-մտաւորականներն ու ուսուցիչները կենդանի օրինակներով, պատմաքաղաքական հիմքերու օգտագործումով եւ յստակ ու մեկին մատնանշումներով ներկաներուն փոխանցեցին իրենց մտածումները, մտահոգութիւններն ու առաջադրանքները՝ խիստ շահեկան ընծայելով պահը, ներկայացուած առիթն ու արծարծուած նիւթի տարողունակ ընկալումը:
Աւարտին, ազգային գոյութեան հիմնաքարը հանդիսացող հայոց լեզուի՝ ներկայ անմխիթար վիճակին մասին հաստատումներ ըրին եւ մասնակիցներուն հարցումներով դիմեցին սրահը լեցուցած աւելի քան հարիւր քսան ներկաներէն շատեր՝ ստանալով յաւելեալ լուսաբանութիւններ:
***
Երկրորդ ձեռնարկը՝ դասախօսական երեկոյ մը, տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, 28 Ապրիլ 2014-ին: Բանախօսեց Յակոբ Պալեան՝ «Սփիւռքի Լեզուական Խառնակութիւնը ... եւ Անտիրութիւնը» նիւթով եւ անգամ մը եւս անհրաժեշտ համարեց «թապու»ներու մասին ազգովին խօսիլը՝ յատկապէս հայութեան ապագայի մասին, «չիյնալու համար սոսկ «ծագումով հայ» ըլլալու կորստական պարտութեան մէջ, որովհետեւ այսօր հայերէնը անտէր է եւ հայերէն երկճիւղ լեզուին մէջ ներկայիս տիրող խառնակութեան եւ անտիրութեան դէմ պայքարը՝ էական», ըսաւ ան եւ գաղափարախօսական յանձնառութեան հոսանք մը ստեղծելու կարիքը նկատեց հիմնարար մօտեցում՝ «վերականգնելու համար հայերէնի որակը, չենթարկուելով ամբոխի տեղատուութեան ճնշման, այլ՝ հայոց լեզուն վերածելով ստեղծագործական զէնքի»:
Պալեանի խօսքը համեմուած էր հայութեան ներկայ կեանքէն վերցուած օրինակներով, որոնք մէյ մէկ փաստացի վկայութիւն՝ սրահին մէջ հնչեցուցին ահազանգ, յատկապէս երբ քանի մը տասնեակ ներկաներէն շատեր ձայնակցեցան նիւթի քննարկման եւ տեղին կատարուած արտայայտութիւններով փորձեցին լուծումներ որոնել հայոց երկճիւղ լեզուի բարեյաջող ընթացքն ու զարգացումը բազում տասնամեակներէ ի վեր խոչընդոտող բոլոր այն անբարենպաստ պայմաններուն ու արգելքներուն, զորս կարելի է բնորոշել՝ իբրեւ պետական ծրագրի բացակայում, ղեկավարութեանց անհեռանկարային մօտեցում, ժողովրդական մակարդակի անտարբերութիւն, ձուլում, ազգային հպարտութեան թուլացում կամ բացակայութիւն, մասնագիտական մօտեցումներու չգոյութիւն, միջոցներու անբաւարարութիւն, հայու ազգային ինքնութիւնն ու հայոց լեզուի գոյութիւնը յաւերժացնող մշակութային եւ կրթական յստակ քաղաքականութեան մը ծրագրումի պակաս՝ Հայաստանի պետական մակարդակէն սկսեալ մինչեւ թաղային դպրոցներն ու հեռաւոր գաղութներու եկեղեցիները, ակումբները, հայ ընտանիքներու տուները:
Յակոբ Օշականի «Մագաղաթը աւելի կը տեւէ, քան մարմարը» խօսքին իմաստային հզօրութեան վրայ իր շեշտը դնելով՝ Պալեան թելադրեց ժողովրդային լոզունգի վերածել զայն եւ դաստիարակել ամբոխը նաեւ ա'յս իմաստութեամբ, որպէսզի քիչ մը աւելի տոկայ ու տեւէ հայ ազգը:
Սալբի Թէքկէլեան
Սեդա Գրիգորեան