Միջին Արեւելք
Շրջանային Վարչութիւններ

Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներուն կազմակերպած 100-ամեակի նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ, «Արեգ» թատերախումբի ներկայացուցած «Կարօտ» թատերախաղի եւ միջդպրոցական գծագրութեան մրցանքի կողքին` Ուրբաթ, 27 Մարտ 2015-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ որմազդի ցուցահանդէս-մրցանք: Ձեռնարկը կը վայելէր հովանաւորութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին եւ կազմակերպուած էր Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցին կողմէ:
Ներկայացուած էին տարբեր ոճեր եւ գաղափարներ պարունակող 35 որմազդներ, որոնք գծագրուած էին 16-30 տարեկան պատանի եւ երիտասարդներու կողմէ: Իւրաքանչիւր որմազդի մէջ կ՛արտացոլար Ցեղասպանութեան գաղափարը` անոր հեղինակին դիտանկիւնէն դիտուած: