
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան եւ գործակցութեամբ «Պզտիկ-մզտիկ»ին ու «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»ին, Շաբաթ, 25 եւ Կիրակի, 26 Դեկտեմբեր 2010-ին, «Յ. Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցան հայրենի «Արեւներ» մանկապատանեկան երգի համոյթին ելոյթները։
Ելոյթին հիւրաբար իրենց մասնակցութիւնը բերին Համազգայինի «Գայիանէ» պարի դպրոցը (գեղարուեստական ղեկավար՝ Անդրանիկ Գրիգորեան) եւ «Կարկաչ» մանկապատանեկան երգչախումբը (գեղարուեստական ղեկավար՝ Զաքար Քէշիշեան)։ Իսկ «Արեւներ»ու գեղարուեստական ղեկավարն է Արմէն Դիւանեան, ձայնամարզութեան մասնագէտը՝ Արփինէ Յովհաննիսեան, իսկ երգուսոյցը՝ Ռուզաննա Ջամբազայեան։
Հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Գուրգէն Փափազեան, որ նշեց, թէ այս ձեռնարկը լաւագոյն առիթն է կապ ստեղծելու հայրենի ու լիբանանահայ պատանիներուն միջեւ։ Ան շնորհաւորեց Համազգայինի եւ «Արեւներ»ուն միջեւ գործակցութիւնը։
Ապա բեմ բարձրացաւ ձեռնարկի բեմավար՝ «Արեւներ» երգի համոյթի պարուսոյց Մարինա Մարտիրոսեան, որ շարք մը երգերու մասին նաեւ փոխանցեց տեղեկութիւններ։
Իւրայատուկ ոճով «Արեւներ»ու կատարողութեամբ «Տէրունական աղօթք»ի ներկայացումէն ետք, յայտագիրի առաջին բաժինին մէջ «Արեւներ»ու մաս կազմող 14 անդամները երգեցին 11 երգեր, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ունէր իր յատուկ գունաւորումն ու իւրայատկութիւնը։ Այդ երգերն էին ժողովրդական «Գառնուկ», «Հոյ Նար», «Էրիշտա» եւ «Տամբուրէն» երգերը, Սաթենիկ Թորոսեանի «Լուսաշող ժպիտ»ը, «Սանթա քլոզ»ը եւ այլ երգեր։
Դադարին ցուցադրուեցաւ Համազգայինի «Գայիանէ» պարի դպրոցին գործունէութիւնը ցուցադրող տեսաերիզը, ապա «Արեւներ» երգի համոյթը ներկայացուց տասը երգեր, ինչպէս՝ Ռուբէն Ղազարեանի «Սիրուն շողիկ»ը, Սուսաննա Բարսեղեանի «Երեւան»ը, «Զմբիկ»ը, «Հանիկ-նանիկ»ը։
Ելոյթին «Գայիանէ» պարի դպրոցի աշակերտները պարեցին «Սասունցիներու պարը», «Լատինօ»ն, «Սարդարապատ»ը եւ «Վալս»ը, մինչ վերջին երգերուն իրենց մասնակցութիւնը բերին «Կարկաչ»ի անդամները, որոնք «Արեւներ»ուն հետ երգեցին «Կարմիր կապոյտ»ը եւ «Հայաստան»ը։