
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Քնար» պարախումբի միաւորին, 4 եւ 5 Դեկտեմբեր 2010-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ, տեղի ունեցաւ հայրենի երգիչներ Քրիստինէ Պեպելեանի եւ Մարտին Մկրտչեանի միացեալ համերգը, որուն քանի մը պարերով իր մասնակցութիւնը բերաւ «Քնար» պարախումբը։
Շուրջ մէկուկէս ժամուան ընթացքին Քրիստինէ Պեպելեանի եւ Մարտին Մկրտչեանի երգերով ու «Քնար» պարախումբի պարերով հանդիսատեսը հայաշունչ մթնոլորտի մէջ ունեցաւ գեղարուեստական հաճոյք եւ ճոխ մթնոլորտ։
Պեպելեան երգեց «Չէ չէ չէ»ն, «Ների՛ր ինձ»ը, «Մայրիկ»ը, «Չեմ թողնի»ն եւ այլ երգեր, Մկրտչեանը՝ «Ճան»ը, «Ես քեզ հետ»ը, «Եար արի»ն, «Ների՛ր-Ների՛ր»ը, մինչ պարախումբը պարեց «Քոչարի»ն, «Շիրակի տղաներ»ը, «Անուրջներ»ը, «Հայկական շարան»ը, արաբական պար մը եւ այլ պարեր։
Յատուկ գնահատանքի արժանացաւ զոյգ երգիչներու զուգերգն ու կարգ մը երգերուն պարախումբին մասնակցութիւնը, որոնք յառաջացուցին մեծ խանդավառութիւն։
Այս ելոյթին առիթով Համազգայինի պարարուեստի միաւորին վարչութիւնը հանդիսութեան սկզբնաւորութեան ներկաներուն բաժնած էր գրքոյկներ, որոնց «Մեր խօսքը» բաժինին մէջ նշուած էր, որ այս երգահանդէսին նպատակն է արուեստին ընդմէջէն քաջալեր հանդիսանալ հայրենիք-սփիւռք գործակցութեան ամրապնդման։