
Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներուն կազմակերպութեամբ, Չորեքշաբթի, 20 Մարտ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ երաժշտական երեկոյ մը` կատարողութեամբ հայրենի երգչուհի Սթեֆանի Քոչարեանի եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ Սիրվարդ Պոյաճեան-Սապունճեանի:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Թամար Սնապեան-Սուրճեան: Ան ըսաւ, թէ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէնութիւնը ուրախութիւնը ունի ներկայացնելու հայրենի արուեստագէտ, երգչուհի, մանկավարժ, մանկական երգերու հեղինակ, սոփրանօ Սթեֆանի Քոչարեանը: Գեղարուեստի դպրոցներու տարեկան ելոյթներուն ծիրին մէջ ընդ մէջ կը կազմակերպուին տարբեր բնոյթի ձեռնարկներ, որոնցմէ մէկն ալ երաժշտական երեկոն է: Ան յայտնեց, որ եզակի առիթ մըն է, որ պիտի ընծայուի բոլորին` հաղորդուելու բարձրորակ արուեստի հետ: Ասիկա Սթեֆանի Քոչարեանի երկրորդ այցելութիւնն է Լիբանան, դաշնակի վրայ երգչուհիին պիտի ընկերակցի Սիրվարդ Պոյաճեան-Սապունճեանը: Ան խօսքի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք աջակցած են ձեռնարկի յաջողութեան եւ մանաւանդ Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ խնամակալութեան: