
Կազմակերպութեամբ Համազգային հայ կրթական մշակութային միութեան, Երեքշաբթի, 1 Դեկտեմբեր 2009-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Համազգայինի «Լ. Շանթ» մշակութային կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայրենի մտաւորական, արձակագիր, թարգմանիչ, բեմագիր եւ մշակութային-հասարակական գործիչ Ռուբէն Յովսէփեանի ծննդեան 70-ամեակին առիթով մեծարանքի հանդիսութիւն` ներկայութեամբ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու, արուեստագէտներու, համազգայնականներու եւ արուեստասէր բազմութեան:
Ձեռնարկին բացման խօսքը յանուն Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան արտասանեց Ցոլեր Մանիսաճեան, որ նշեց, թէ այս հանդիսութեան պատճառը Ռուբէն Յովսէփեանի 70 տարիներու ուղեւորութիւնն է, որ եղած է բեղուն եւ արդիւնաբեր: Մանիսաճեան ըսաւ, թէ գրական գործունէութեան կողքին Յովսէփեան իր մասնակցութիւնը բերած է հայրենի մշակութային, քաղաքական եւ հասարակական կեանքին: Ներկայացնելով Ռուբէն Յովսէփեանի հակիրճ կենսագրութիւնը՝ Ցոլեր Մանիսաճեան շեշտեց, որ Յովսէփեան 2009-ին պարգեւատրուած է «Մովսէս Խորենացի» շքանշանով:
Հանդիսութեան առաջին բանախօսն էր Գեղանի Էթիեմեզեան, որ ներկայացուց «Ռուբէն Յովսէփեան՝ մարդը եւ գրողը» նիւթը: Էթիեմեզեան ըսաւ, թէ «Ռուբէն Յովսէփեանի գրականութիւնը սկիզբ կþառնէ Թուրքմենիոյ աւազուտքներէն, ուր հասած էր ան իբրեւ երկրաբան, ապա, իր «թաղ»ն է՝ «փոքրիկ Հայաստան»ը, ուր տոհմածառերու փրկուած մնացորդները՝ արմատանալու, գոյատեւելու տառապանքը կþապրին, կորսնցուցած՝ ինչք-սիրելի»: Ան շեշտեց, որ Յովսէփեանի գրականութեան կարեւորագոյն յատկանիշներէն մէկը իր որոնումներուն մէջ մարդիկը կլանելն է, որ զուսպ է ու չի կաշկանդեր ընթերցողին ազատութիւնը: Գեղանի Էթիեմեզեան հաստատեց, թէ հեղինակին մօտ մարմնաւորման անընդմէջ ընթացք մը կայ բառերու, բնութեան տարրերու եւ մարդոց, որոնք անյայտ ժամանակներէն ճամբայ ելած շնչող էակներ են, եւ որոնք կտոր մը երկինքի տակ կը փնտռեն իրենց արժանապատուութիւնը: Բանախօսը նաեւ ըսաւ, թէ Յովսէփեան բարի կրաւորականութենէն շատ հեռու անձ մըն է, որուն սրտէն կարելի չէ լսել ողբեր:
Ապա բեմ բարձրացաւ Նարէ Աղասարգիսեան, որ դաշնակով նուագեց Արամ Խաչատուրեանի «Պար»ը, որմէ ետք Իրմա Տէտէեան ընթերցեց Յովսէփեանի «Ծիրանի ծառերու տակ» վէպէն հատուածներ:
«Ռուբէն Յովսէփեան՝ դաշնակցականը» նիւթը ներկայացուց օրուան երկրորդ բանախօսը՝ «Ազդակ» օրաթերթի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան: Ան ըսաւ, թէ Հայաստանի մէջ Դաշնակցութեան կազմակերպական կառոյցի բացայայտման առաջին յայտարարութեան տակ կար ստորագրութիւնը Ռուբէն Յովսէփեանի, երբ երիտասարդները հետաքրքրութեամբ կþուզէին իմանալ, թէ ովքե°ր էին հայրենի առաջին դաշնակցականները, որոնք լուռ եւ լուսարձակներէ հեռու ձեւաւորած էին Դաշնակցութեան հայաստանեան կառոյցը: Շ. Գանտահարեան յայտնեց, որ հայրենիքի մէջ Դաշնակցութեան պարտադրուած դառն քննութիւնը յաջողագոյն ձեւով անցընելու դժուար գործին մէջ մեծ էր դերակատարութիւնը Ռուբէն Յովսէփեանին, որ իր ուսերուն կրած էր Դաշնակցութեան դէմ շղթայազերծուած ամէնէն կրքոտ պայքարի օրերուն կուսակցութիւնը ղեկավարելու պատասխանատուութիւնը:
Գանտահարեան իր խօսքը եզրափակեց շեշտելով, որ այսօրուան ճգնաժամի օրերուն, հասարակութիւնները կը փնտռեն ճիշդ ուղին մատնացոյց ընողը, վստահելի եւ հաւատալի աղբիւրը, իր յանձնառութիւններուն, սկզբունքներուն եւ արժէքներուն կառչած անհատը, անբասիրը: Շահան Գանտահարեան ըսաւ, թէ այսօր ժողովուրդը հայ կեանքի տարբեր ոլորտներու ղեկավարման համակարգերուն մէջ կը փնտռէ այդ տեսակը՝ Ռուբէն Յովսէփեանի տեսակը:
Գեղարուեստական յայտագիրի երկրորդ բաժինով Նայիրի Ղազարեան թաւջութակով նուագեց Պախի «Սուիթ» ստեղծագործութիւնը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ Ռուբէն Յովսէփեանի պարգեւատրման արարողութիւնը:
Այս առիթով Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան Համազգայինի շքանշանով պարգեւատրեց մեծարեալը: Մկրտիչեան յայտնեց, որ այս շքանշանին տուչութիւնը պարզապէս ձեւական արարողութիւն մըն է, որ Յովսէփեանի ունեցած մեծ ներդրումին գնահատանքի մետաղեայ արտայայտութիւնն է:
Հանդիսութեան աւարտին Ռուբէն Յովսէփեան խօսք առնելով շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպիչներուն՝ այս հանդիսութեան կազմակերպման համար: Ան ըսաւ, թէ իւրաքանչիւր հայու առած քայլը պէտք չէ ըլլայ ինքնանպատակ, այլ՝ իւրաքանչիւրին ներուժը ներքին առումով արտայայտելու փոխարէն պէտք է ունենայ դրական ազդեցութիւն, քանի որ այսօր հայութիւնը կþապրի դժուար օրեր: