
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին, Հինգշաբթի, 17 Նոյեմբեր 2011-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, տեղի ունեցաւ հայրենի քանդակագործ Կակոյի (Գագիկ Գէորգեան) «Շարժում բնութեան մէջ» թեմայով պրոնզէ քանդակներու ցուցահանդէսին բացման հանդիսութիւնը` ներկայութեամբ արուեստագէտներու եւ արուեստասէրներու:
Հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Մերի Չոլոյեան, որ նշեց, թէ Կակօն 1980-1988 յաճախած է Մարտիրոս Սարեան արուեստի միջնակարգ դպրոցը, միաժամանակ սորվելով քանդակագործութիւն: Չոլոյեան աւելցուց, որ ան 1989-1993 իր ուսումը շարունակած է Փանոս Թերլեմեզեանի անուան արուեստի ուսումնարանին մէջ, ապա 1999-ին Հայաստանի գեղարուեստի ակադեմիայի քանդակագործութեան բաժանմունքէն եղած է շրջանաւարտ:
Մերի Չոլոյեան հաստատեց, որ Կակոյի վրայ մեծ ազդեցութիւն ունեցած է հայրենի տաղանդաւոր քանդակագործ Արա Յարութիւնեան, որ եղած է նաեւ իր ուսուցիչը: Կակօն ցուցահանդէսներ տուած է Լիբանանի եւ Հայաստանի մէջ, եւ անոր ստեղծագործութիւնները կը ցուցադրուին բազմաթիւ երկիրներու ցուցասրահներուն մէջ:
Իր կարգին, Կակօ շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինին եւ ներկաներուն, որոնք նեցուկ կը կանգնին այս ցուցահանդէսին յաջողութեան:
Յայտնենք, որ Կակօ ցուցադրած է 30 պրոնզէ քանդակներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի մարդկային տիպարին ապրելակերպն ու զգացումները արտայայտող իւրայատկութիւններ, ինչպէս` «Խմբավարը», «Վերամիացում», «Ցեղասպանութիւն», «Շարժում», «Երաժշտութիւն», «Ձկնորսը», «Երկխօսութիւն»…։
Կակոյի քանդակներուն մէջ բացայայտ են բուռն զգացումներն ու ապրումները, միտքերու զարգացումն ու բարձրորակ արուեստը:
Նշենք, որ ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ 5 Դեկտեմբեր 2011, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:00:
www.artgallery.hamazkayin.com