ԱՄՆ եւ Գանատա
Շրջանային Վարչութիւններ

Կազմակերպուած՝ Տաթեւ մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ, Դեկտեմբեր 13-14 օրերուն ընթացքին Գէյմպրիճի Հայ Կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ Հայ Գրքի շաբաթավերջը, ուր վաճառուեցան փոքրերու եւ չափահասներու յատուկ գիրքեր ու աշխատանքի տետրեր։
Ձեռնարկը բարձր գնահատուեցաւ ներկաներուն կողմէ. բազմաթիւ փոքրեր հայերէն գիրքերով բեռնաւորուած տուն մեկնեցան։