
Իր յղացումով եւ կազմակերպութեամբ եզակի ելոյթ մը եղաւ հայ երգի ու պարի փառատօնը, որ տեղի ունեցաւ Ուրբաթ՝ 26 եւ Շաբաթ՝ 27 Օգոստոս 2022-ին Գոմոթինիի մէջ։
Երկօրեայ երգի ու պարի փառատօնին իրենց մասնակցութիւնը բերին Յունաստանէն եւ զանազան գաղութներէն երգչախումբեր եւ պարախումբեր, որոնք իրենց լաւագոյնը տուին բեմին վրայ, մինչ իւրաքանչիւր խումբի երկարամեայ փորձառութիւնը, պարելու յատկութիւնը, պարերու ձեւերն ու ձեւակերպումները իրար փոխանակելու, մէկ խումբը միւսին հետ շաղուելու ու պարերու նրբութիւնն ու ուժականութիւնը բաժնելու իսկական առիթ մը եղաւ այս համախմբումը։
Փառատօնին մասնակցեցան Գոմոթինիի «Էրեբունի» երգչախումբը եւ «Ուրարտու» պարախումբը, Յունաստանի Համազգայինի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութեան տակ գտնուող «Նայիրի» պարախումբը, Համազգայինի Թեսաղոնիկէի «Ղ. Սարեան» մասնաճիւղի «Մասիս» պարախումբը, Պուլկարիոյ Փլովտիւ քաղաքի «Երեւան» պարախումբը, Վարնա քաղաքէն «Գայեանէ Մարաշլեան» պարախումբը, Ռումանիոյ Պուքրէշ մայրաքաղաքէն «Վարդավառ» պարախումբը, Կիպրոսի Նիկոսիա մայրաքաղաքի Համազգայինի «Սիփան» պարախումբը, Լիբանանի Համազգայինի «Քնար պարախումբը», Իրանէն Իսֆահան քաղաքի «Էրեբունի» պարախումբը եւ Պոլիսէն արդէն մեզի ծանօթ «Վարդանանց» երգչախումբը։