
Արեւելեան Միացեալ նահանգներու 5 հայահոծ քաղաքներէն ներս, Համազգայինի հիմնադրութեան 80 ամեակին նուիրուած հրապարակային տօնակատարութիւններուն իբրեւ գլխաւոր բանախօս, մէջ, շուրջ շաբաթ մը առաջ, հայրենիքէն յատկապէս հրաւիրուած էր ՀՀ Ազգային Ժողովի Պատգամաւոր, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան Երեւանի գրասենակի վարիչ տնօրէն եւ Համազգայինի Հայաստանի Հիմնադրամի նախագահ՝ դոկտ. Լիլիթ Գալստեանը:
Այս գեղեցիկ առիթէն օգտուելով, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչ՝ Եդուարդ Մսրլեանի բարի դասաւորումով, Համազգայինի հայրենի հիւրը Լոս Անճելըս եւ Սան Ֆրանսիսքօ ալ հրաւիրուեցաւ:
Հակառակ շրջանէն ներս քանի մը օրերէ ի վեր լայնատարած, քանդիչ, վախազդու եւ ահռելի ներկայութիւն դարձող հրդեհին եւ գլխաւոր ճամբաներու եւ ազատուղիներու փակման եւ ներքին փողոցներու աննկարագրելի խճողումին, Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ դոկտ. Վիգէն Եագուպեանի, ՀՀ Լոս Անճելըսի Գլխաւոր փոխ հիւպատոս Սահակ Սարգսեանի եւ տիկնոջ, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան նախկին անդամներէն՝ Վարուժան Տէմիրճեանի եւ Հրաչ Սիմոնեանի եւ կոկիկ թիւով մշակութասէրներու ներկայութեան, Երկուշաբթի, 13 Հոկտեմբեր, 2008-ի երեկոյեան ժամը 8:30-ին Ազգային Առաջնորդարանի սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած այս հանդիպում-զրոյցը:
Բացման իր խօսքին մէջ, վարչութեան ատենապետ Եագուպեան բարի գալուստի, շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան իր խօսքերէն ետք, նախ փոխանցեց առաջնորդ սրբազան հօր անկեղծ ողջոյնները, միաժամանակ աւելցնելով, թէ նման հանդիպում կը զուգադիպէր շրջանի Համազգայինի 80 ամեակի տօնակատարութեան նուիրուած զանազան ձեռնարկներուն:
Ապա, հանդիսավար Եագուպեան, ծանօթացուց հիւր համազգայական դոկտ. Լիլիթ Գալստեանը, ներկայացնելով անոր կենսագրութիւնը՝ հակիրճ եւ ամփոփ գիծերու մէջ, միեւնոյն ատեն պարզելով անոր ստացած բարձրագոյն կրթութիւնը, իբրեւ լեզուագէտ, միջազգային զանազան ժողովներ կազմակերպող, հայրենի գրողներու միութեան անդամ եւ բազմաթիւ հրապարակային ելոյթներու, դասախօսութիւններու, բանախօսութիւններու եւ հատորներու ու հրատարակութիւններու հեղինակ ըլլալը:
Իր կարգին, դոկտ. Լիլիթ Գալստեան նախ շեշտեց, թէ «Համազգայինը բոլորիս համար ընտանիք է» եւ թէ այս երեկոյի զրոյցը մշակութային եւ քաղաքական նիւթեր ընդգրկող մտերմիկ զրոյց մը պիտի ըլլայ:
Հիւր զեկուցաբերը աւելցուց, թէ Համազգայինի 80- ամեակին տօնակատարութիւններու գծով, քանի մը օրեր առաջ, արդէն Պոսթընի, Ուաշինկթընի, Նիւ Ճըրզիի, Նիւ Եորքի եւ Ֆիլատելֆիոյ մէջ յաջորդաբար բանախօսած է:
«Համազգայինի 80 տարիներու կեանքին մէջ, շարունակեց դոկտ. Գալստեան, Համազգայինը Հայրենիքի մէջ ունի միայն 17 տարուան ներկայութիւն կամ գործունէութիւն»:
Ապա թուեց Համազգայինի հայրենի գրասենակին ցարդ իրականացուցած եւ իրականացնելու ճանբուն վրայ ինկող ծրագիրները, նոր անկախացած հայրենիքէն ներս նոր մարտահրաւէրներ դիմագրաւելու աշխատանքին կողքին, Համազագայինի հիմնական աշխատանքը՝ որ է կրթական, հոգեւոր եւ մշակութային կամրջումի մը դեր ստանձնելու պարտականութիւնը:
Անցնելով աշխատանքներու յիշատակման՝ դոկտ. Գալստեան աւելցուց, թէ «մեր ոլորտները ընդգրկում էին թատերախաղերու, ցուցահանդէսներու եւ մշակութային այլ աշխատանքերի փոխանակումներ կատարել: 94 թուականին Հայաստանի իրականութեան տխուր ժամանակներին –Ղարաբաղեան պատերազմ եւայլն-մշակոյթը լուսանցքային էր: Մենք յղացումը ունեցանք Համազգայինի թատրոնը ստեղծելու, Սօս Սարգիսեանով, որուն անդամակցեցան Ռազմիկ Դաւոյեան, Ռուբէն Յովսէփեան եւ ես: Քանի մը տարի ետք Համազգայինի թատրոնը դարձաւ Պետական թատրոն, որ ներկայիս գործում է աշխոյժ»:
Անցնելով Համազգայինի գրասենակի այլ ծրագիրներուն, ան յիշեց թէ ցարդ կազմակերպած են հայ հոգեւոր եւ մշակութային հեղինակներու նուիրուած գիտաժողովներ եւ անոնցմէ առաջինը եղած էր Նիկոլ Աղբալեանի 130-ամեակին նուիրոաւծ գիտաժողովը, որ առաջին անգամ ըլլալով ակադեմական շատ լուրջ կերպով ներկայացուած էր:
«Սրան յաջորդեց Տիգրան Մեծի աշխարհակալութեան 2000-ամեակին նուիրուած գիտաժողովը, պետական համալսարանի եւ Ակադեմեայի հետ համագործակցաբար: Ապա՝ դարձեալ պետական համալսարանի համագործակցութեամբ կազմակերպուած է Համաստեղի նուիրուած մեծ գիտաժողովը: Իսկ յառաջիկայ Նոյեմբերին պիտի կազմակերպուի Լեւոն Շանթի նուիրոաւծ գիտաժողով մը»:
Ապա ան պարզեց Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան հովանին վայելող Երաժշտական Միաւորին հայրենիքէն ներս, Համազգայինի գրասենակի օժանդակութեամբ եւ գործօն մասնակցութեամբ ցարդ տարած աշխատանքներու ընդհանուր ցանկը, որոնց մէջ կÿիյնային Կոմիտասի, Սայեաթ Նովայի ստեղծագործութիւններուն խտասալիկներու իւրայատուկ պատրաստութիւնն ու հրատարակումը. շարունակելով աշխատանքային այլ բնագաւառներու նշման բաժինը, ան յիշեց նաեւ հայրենիքի մէջ Սփիւռքեան արուսետագէտներու ներկայացման աշխատանքը եւ այս առթիւ օրինակ վերցուց արուսետագէտ եւ հանրայայտ ծաղրանկարիչ՝ Մասիս Արարատեանի ստեղծագործութիւններուն նուիրուած ցուցահանդէսի կազմակերպումը Երեւանի մէջ, ինչպէս նաեւ Իզապէլ Պայրաքտարեանի ձեռնակը ու նաեւ Փաուլօ Քուէլոյի գրքին հրատարակման նախաձեռնութիւնը եւ «Մէկ Ազգ, Մէկ մշակոյթ» ծրագրին մասնակցութիւնը՝ Սուրիոյ եւ Լիբանանի Համազգային պարախումբերու, երգչախումբերու եւ թատերախումբերու ելոյթներով:
«Այս մէկը հրաշալի առիթ մըն էր, հայրենի ժողովուրդին Համազգայինի ծանօթացման ճիգերը ներկայացնելու», շեշտեց հիւրը:
Անցնելով Համազգայինի ամէն տարի կազմակերպած «Ֆորում»- «երիտասարդական հաւաք»ին, ան յիշեց, թէ այս ծրագրը – Լիբանանի մէջ- անցնող 11 տարիներուն կը ծրագրուէր: Սակայն վերջին 6 տարիներուն Լիբանանը փոխարինուեցաւ Հայաստանով:
«Ֆորումը կը միտի ոչ միայն հայրենի տեսարժան վայրերուն ծանօթացնելու, այլեւ հետաքրքրական հանդիպումների եւ զրոյցների ճամբով, սերնդակիցներ իրարու ծանօթանացնելու»:
Խօսելով հայրենքի մէջ Համազգայինի հիմնադրութեան 80 ամեակին նուիրուած տօնակատարութեան մասին, հայրենի զեկուցաբերը ըսաւ.«Այս տարի, Երեւանի Ազգային օփերայի շէնքին մէջ, նշեցինք այս թուականը: Իսկապէս հպարտալի առիթ էր, որին ընթացքին Համազգայինը արժանացաւ Մշակոյթի նախարարութեան ոսկեմետալին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի նախագահին ու վարչապետին գնահատականներին»:
Անցնելով Համազգայինի Սփիւռքի զանազան հայահոծ քաղաքներու մասնաճիւղերու հայրենքին ի նպաստ տարած աշխատանքներուն եւ կատարած օժանդակութիւններուն, ան յիշեց Նիւ Ճըրզիի Համազգայինի հովանաւորումը հայրենի սահմանամերձ 6 գիւղերու դպրոցներու վերանորոգման աշխատանքներուն եւ աւելին նոյն այդ դպրոցներու աշակերտներուն դասագիրքերու եւ գրենական պիտոյքներու ապահովումը: Անկախ ասկէ, ան յիշեց նաեւ, հայրենի «Խաչատուր Աբովեան»ի անուան մանկավարժական համալսարանի սերտ կապն ու համագործակցութիւնը Համազգայինի Սուիրոյ Շրջանային Վարչութեան Հալէպի Հայագիտական Հիմնարկին հետ, իբրեւ քոյր հաստատութիւններ կամ կրթական կառոյցներ եւ վերջին՝ յիշեց 7 տարիներէ ի վեր գոյութիւն ունեցող «Յակոբ Կարապենց» հիմնադրամը, ուրկէ կրթանապաստներ կը տրամադրուին բարձրագոյն ուսում որոնող համալսանականներուն:
Հետաքրքրքական եւ լայն ծանօթութիւններով հրամցուած այս զրոյցի վերջին, տեղի ունեցաւ հարց պատասխանի բաժինը, որուն ընթացքին հայրենի հիւրը անդարդարձաւ երկքաղաքացիութեան, Հոկտեմբեր 1-էն ի վեր գործող հայրենի նորաստեղծ Սփիւռքի նախարարութեան եւ անոր տանելիք աշխատանքներուն, մշակութային եւ կրթական ոլորտներուն, քաղաքական կամքին, կազմակերպոաւծ Սփիւռք մը ունենալու բաղձանքին, Սփիւռքեան կարիքներու, Ազգային Ժողովի համագործակցութեան եւ Մեսրոպեան Ուղղագրութեան հետ կապ ունեցող հարցերու մասին:
Աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, որուն ընթացքին ներկաները աւելի մօտէն ծանօթացան հիւր զեկուցաբերին:
Գէորգ Պետիկեան