
Երեքշաբթի 5 Յուլիս 2022-ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան դիւանը այցելեց Շաղզոյեան կեդրոնի «Բագին»-ի գրասենեակ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան նստավայրի անդամերուն հետ։
Հանդիպումին ընթացքին գլխաւորաբար քննարկուեցան եկող տարեշրջանի մարտահրաւէրները Լիբանանի մէջ շարունակուող տնտեսական ծանր պայմաններուն ի տես։ Այս գծով անհրաժեշտ նկատուեցաւ հաւաքական ճիգեր ի գործ դնել յաղթահարելու զանազան դժուարութիւնները, մասնաւորաբար ապահովելու շուրջ 800 աշակերտներու գեղարուեստական կրթութիւն ջամբող Լիբանանի Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու անխափան գործունէութիւնը։
Հանդիպումի աւարտին Կեդրոնական Վարչութեան անդամները յաջողութիւն մաղթեցին Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ընկերներներուն, այս դժուարին պայմաններուն վերանորոգ կորովով շարունակելու իրենց գործունէութիւնը։