
Կազմակերպութեամբ Լոնտոնի Համազգայինին, 28 Փետրուար 2020-ին Նաւասարդեան կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայկական մշակոյթի եւ անոր պահպանման եւ շարունակականութեան հիմքերը» խորագիրը կրող հանրային դասախօսութիւն մը:
Համազգայինի ատենապետ Հրաչ Պօղոսեան կատարեց բացման խօսքը եւ ներկայացուց օրուան դասախօս, Ծոցի Աստուածաշունչի ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանը: Բանախօսը ներկայացուց մշակոյթ հասկացողութիւն-բացատրութիւնը հաւաքական կեանքի նշանակութեան համար եւ անոր ընդմէջէն ընդգծեց «ամբողջական մշակոյթ» հասկացողութիւնը, որուն միջոցով իւրաքանչիւր անհատ կը դառնայ մշակութային էակ, եւ զինուած այդ մշակութային ամբողջական արժէքներով`մարդը եւ հաւաքականութիւնը կը գծեն իրենց կեանքի ճամբան եւ կրնան դիրքորոշուիլ նոյն այդ արժէքներով աշխարհի նկատմամբ: Դոկտ. Ճէպէճեան ապա անդրադարձաւ Ցեղասպանութեան իրականութեան, թէ ինչպէ՛ս հայը արմատախիլ ըլլալով իր հողէն` նաեւ կորսնցուց իր ամբողջական մշակութային ժառանգը, սակայն նոյն հայը վերակերտեց այդ բոլորը իր յուշերէն, որ իրեն հետ բերած էր իր հողէն, բայց այս անգամ` սփիւռքի իրականութեան մէջ: Ան խօսեցաւ նաեւ սփիւռքահայ իրականութիւններու մասին, թէ որքա՛ն սփիւռքահայ գաղութները իրարմէ կը տարբերին: Ան անդրադարձաւ ազգային ինքնութեան եւ անոր ինքնագիտակցութեան` շեշտելով այս ուղղութեամբ Հայաստանի ունեցած ներդրումը: Եզրափակելով իր խօսքը, բանախօսը յորդորեց ներկաները` չյուսահատիլ պայքարելէ մեր մշակութային ինքնութեան եւ անոր պահպանման համար: