
Երեքշաբթի, 20 Դեկտեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ 17 գեղանկարիչ եւ քանդակագործ արուեստագէտներու հաւաքական ցուցահանդէսի մը բացումը: Ցուցահանդէսին ներկայ էր Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան:
Բացման խօսքը կատարեց Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան եւ ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան: Ան ողջունելէ ետք դեսպանն ու ներկաները ըսաւ, թէ տարի մը եւս կը փակենք Համազգայինի հրատարակչական գրատարածման եւ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի հաւաքական ցուցահանդէսով: Ան շարունակեց, թէ այս տարի այդքան ալ դիւրին տարի մը չէր, սակայն Համազգայինի առաքելութիւնը անխափան շարունակելու համար, ի գին ամէն ինչի, ամէն միջոցի դիմուեցաւ: Առ այդ, ան երախտագիտութեան խօսք ուղղեց Համազգայինի բարեկամներուն եւ բարերարներուն, որոնք սատար հանդիսացան Համազգայինի գրատարածին եւ ցուցասրահին: Աւանդական դարձած ցուցահանդէսին անդրադառնալով` Հաւաթեան ըսաւ, թէ այս ցուցահանդէսը կու գայ ոչ թէ փակելու տարին, այլ մաղթելու, որ Նոր տարին դառնայ բարեբեր, առողջութեամբ եւ յաջողութեամբ լի տարի մը, անձնական եւ հաւաքական կեանքին մէջ: Հաւաթեան շնորհակալական յատուկ խօսք ուղղեց դեսպան Մկրտչեանին, որ միշտ կը քաջալերէ Համազգայինի ձեռնարկները եւ դարձած է տնեցի եւ ոչ թէ հիւր: Ան շարունակեց, թէ դեսպան Մկրտչեան անգամ մը եւս եկաւ վկայելու, որ այս հաստատութիւնը կը փորձէ Հայաստան-սփիւռք մշակութային եւ գրական կապերուն տալ համապարփակ որակ եւ տարողութիւն:
Յակոբ Հաւաթեան խօսքը փոխանցեց տեղացի արուեստագէտ Մանսուր Հապրին, որ ցուցասրահին հիմնադրութենէն ի վեր իր մասնակցութիւնը բերած է ցուցահանդէսներուն: Հապր ըսաւ, թէ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահը իր առաքելութեամբ մեզի կու գայ յայտնելու, որ արուեստը մարդուն վերջին իմաստն է: Ան շարունակեց, թէ արուեստի ու մշակոյթի լեզուն մարդուն գոյութեան իմաստ տուողն է: