
OEMME EDIZIONI հրատարակչատան հիմնադիր եւ տարիներու խմբագրապետ` ճարտարապետ, նկարիչ եւ քանդակագործ Հերման Վահրամեանը, իր հարազատներէն ու մտերիմ բարեկամներէն ընդմիշտ հեռացաւ, յետ երկարատեւ հիւանդութեան, 27 Սեպտեմբերին:
Վահրամեան ծնած է Թեհրան, 29 Նոյեմբեր 1939 թուականին: 1960 թուականին կը փոխադրուի Իտալիա, ուր կարճ ժամանակաշրջանի մը համար Հռոմ ապրելէ ետք Միլանօ կը հաստատուի: Կ°աւարտէ նոյն քաղաքի Փոլիթէքնիք համալսարանի ճարտարապետութեան մասնաճիւղը եւ անմիջապէս աշխատանքային ասպարէզ կը նետուի, մասնակցելով առաջին իսկ ճարտարապետական հետազօտական գիտարշաւներուն, որոնք խումբ մը իտալացի եւ հայ ճարտարապետներու ու հաստատութեանց նախաձեռնութեամբ, 30 տարուան ընթացքին ի մի կը բերեն հայ միջնադարեան ճարտարապետութեան կոթողներու ամբողջական` լուսանկարչական ու չափագրական դիւանային հսկայ նիւթը եւ ուսումնասիրական բազմալեզու հրատարակութիւններով ու ցուցահանդէսներով, արեւմտեան աշխարհին (ոչ միայն) կը ներկայացնեն հայկական ճարտարապետութեան դերը` մերձակայ ու միջին արեւելքի քրիստոնեայ աշխարհէն ներս: Documents of Armenian Architecture մատենաշարը այդ հրատարակչական աշխատանքի ամենացայտուն արդիւնքներէն մէկն է:
Գիտական բարձրորակ այդ հրատարակչական աշխատանքի գլխաւոր խմբագիր-համադրողը ըլլալէ անկախ, զուգահեռաբար հիմնադիրը կ°ըլլայ ICOM/Istituo per le culture non dominanti հաստատութեան եւ OEMME հրատարակչատան, Musicam երաժշտական Միւնիխի ձեռնարկին, որոնց միջոցաւ, մի քանի իտալացի եւ հայ մտաւորական բարեկամներու հետ անհամար միջազգային գիտաժողովներ, ցուցահանդէսներ, հրատարակութիւններ, համերգաշարքեր կը կազմակերպէ, նպատակակէտ ունենալով ուսումնասիրել ժամանակակից հայ արուեստն ու ինքնութիւնը, մշակութային փոքրամասնութիւն յղացքը, զանազան փոքրամասնութեանց համեմատական պրպտումներով, հայապահպանման տասնամեակներու գաղութային կազմակերպչական աշխատանքի արդիւնքի մասին քննական բանավէճերով, ընկերաբանական եւ մարդաբանական համեմատական ուսումնասիրութիւններով, եւն:
90-ական թուականներուն ան հրաժեշտ կու տայ հայ մտաւոր աշխարհին, յետ երկար տարիներու կատարած հայ միջազգային իրականութեան եւ ինքնա-հոգեվերլուծական եզրայանգումին, որ կտակի ձեւով կը յանձնէ Հայաստանաբնակ գրականագէտ եւ հրապարակագիր` Ռուզան Զաքարեանի գրիչին, ամբողջութեամբ նուիրուելով նկարիչ-քանդակագործի, ինչպէս նա' իտալական մամլոյ մասնագէտ թղթակիցի իր բեղուն ասպարէզին:
Հերման Վահրամեանի մտաւորական բազմակողմանի բացառիկ տաղանդ ունեցող տիպարը, իր անձն ու գործը արժանի են լուրջ ուշադրութեան եւ ուսումնասիրութեան Հայաստանի ու Սփիւռքի հաստատութեանց ու մտաւորական աշխարհի կողմէ:
Հերման Վահրամեանի յուղարկաւորութիւնը տեղի կ°ունենայ Միլանոյի Սուրբ Պիոս Ե. Եկեղեցւոյ մէջ, Երեքշաբթի` 29 Սեպտեմբեր 2009 թուականին, ժամը` 11.00-ին:
Մեր ցաւակցութիւնները Հերմանի ամոլին` Քիարա Նեգրի եւ զաւկին` Փիէթրօ Վահրամեան:
OEMME Հրատարակչութիւն
Հայ Մշակոյթի Ուսումնասիրութեան եւ Վաւերագրումի Կեդրոն Վենետիկ
E-mail: oemme.ed@iol.it