
Սակաւաթիւ են հայ գրականութեամբ հետաքրքրուողները. հազա՜ր ափսոս։ Սակաւաթիւ են նաեւ անոնք, որոնք կը հաւատան թէ հայ գիր ու գրականութեան ի խնդիր պայքար մղելը, հայ լեզուին ի խնդիր պայքար մղելը կենսական է, անհրաժեշտ է մեր ազգի գոյատեւման համար։
Ահա այս տագնապէն մղուելով է, որ ծայր առին Համազգայինի Գրասէրներու Խմբակի հաւաքները եւ ահաւասիկ 2012-ի Փետրուարէն ի վեր, 16-րդ անգամ ըլլալով, կը համախմբեն հայ երիտասարդն ու տարեցը, կամուրջ հանդիսանալով հայ գրողին ու գրասէրին - մանաւանդ՝ երիտասարդ գրասէրին միջեւ, ոմանց մէջ թարմացնելով, այլոց՝ արթնցնելով հայ գրականութեան հանդէպ յատուկ սէր ու հետաքրքրութիւն։
Գեղեցիկ, խրախուսիչ երեւոյթ էր ՀՕՄ-ի Ամէնօրեայ Վարժարանի աշակերտներուն մասնակցութիւնը՝ Կիրակի, 15 Սեպտեմբեր 2013-ին, «Ծաղկաքաղ՝ մեր դասագիրքերէն» նիւթը կրող հաւաքին, «Յարութիւն Մանուկեան» գրադարանին մէջ, Հայ Կեդրոն, Թորոնթօ։
Գրական յանձնախումբի վարչական ներկայացուցիչ՝ Էօժենի Բարսեղեանի ասմունքով մը ծայր առած բարի գալուստի խօսքը մեզ անմիջապէս կը տեղափոխէ մեր դպրոցական մաշուած գրասեղաններու ետին, երբ տակաւին աշխարհը մեզի համար դասագիրքերու ու խաղավայրերու միջեւ ազատօրէն կ՚օրօրէր...։
Էօժենի կը հրաւիրէ առաջին մասնակցողը՝ Զ. դասարանի բազմատաղանդ աշակերտ՝ Անի Խաչատրեանը։ Անի այլ հետաքրքրութիւններու կողքին, անդամ է Համազգայինի Պարարուեստի Ուսումնարանին եւ Հայ Աստղեր մանկապատանեկան երգչախումբին. ան հակիրճ ներածականէ մը ետք, անսայթաք կ՚ընթերցէ Զապէլ Եսայեանի «Սիլիհտարի պարտէզները» հատորէն հատուածներ։ Անիի կը յաջորդէ աւարտական դասարանի աշակերտ, գրասէրներու խմբակի գործօն անդամ՝ Արեն Մնացականեան. Արեն փոքր տարիքէն տպաւորուած է Յովհաննէս Շիրազի խորիմաստ՝ «Կշեռք» բանաստեղծութեամբ։ Շիրազի մասին հակիրճ ներածականէ մը ետք ապրումով կ՚ասմունքէ «Կշեռք»ը ու կը ներկայացնէ իր դասընկերուհին՝ Դալար Ներսէսեանը։
Դալար օժտուած է երաժշտական ընդունակութեամբ. անոր տպաւորութեան մէջ տեղ գտած է բոլորին սիրելի՝ «Խօսք իմ որդուն»ը։ Դալար համարձակօրէն եւ յստակ առոգանութեամբ կը ներկայացնէ ամէն հայախօս մանուկի շրթներուն վրայ յաւերժ դրոշմուած այս բանաստեղծութիւնը եւ հակիրճ ներածական մը, հեղինակ՝ Սիլվա Կապուտիկեանի մասին, ապա կը հրաւիրէ իր դասընկերը՝ Տարօն Տէրտէրեան։ Տարօն ծանօթ է որպէս կամեցող, կենսուրախ երիտասարդ. անդամ է Համազգայինի «Էրեբունի» պարախումբին։ Տարօնի սրտին խօսած է Պետրոս Դուրեանի «Ի՞նչ կ՚ըսեն» նրբահիւս բանաստեղծութիւնը, զորս համոզիչ, հարազատ ոճով կը ներկայացնէ ան, Դուրեանի կենսագրական գիծերը փոխանցելէ ետք։ Կարգը կը հասնի Ալին Ակոբին. Ալին եւս Համազգայինի «Էրեբունի» պարախումբին մաս կը կազմէ. Տարօնն ու Ալինը ոչ միայն դասընկերներ են, այլ նաեւ՝ պարընկերներ։ Ալին տպաւորիչ կերպով կը ներկայացնէ համեմատաբար նուազ ծանօթ բանաստեղծութիւն մը՝ «Որբերուն ձեռքերը», զորս Վահան Թէքէեան գրած է իր ուսուցչութեան տարիներուն, երբ կը դասաւանդէր որբ մանուկներու։
Ներկաները՝ քաջալերուած ու խանդավառ, իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն դասագիրքերէն իրենց յիշողութեան մէջ տակաւին թարմ մնացած բանաստեղծութիւններ ու արձակ գրութիւններ ներկայացնելով, այնպէս ինչպէս կը ներկայացնէին իրենց մանկութեան օրերուն ... «Դերենիկը», «Մի քոյր էի ես կորցրել...», «Տաղ հայ լեզուին... » եւ այլն։ Ջերմ ու հոգեթով պահեր կ՚ապրինք. պահեր, որոնք առիթ կ՚ընծայեն բոլորիս որ մանկանանք գէթ ժամ մը, վերյիշենք, վերապրինք ու փառք տանք մեր սիրելի ուսուցիչներուն, որոնց գուրգուրանքին տակ հայ սերունդներ աճեցան...։
Էօժենի Բարսեղեան, գրական յանձնախումբին կողմէ շնորհակալութիւն կը յայտնէ Անիին, Արենին, Դալարին, Տարօնին եւ Ալինին. իրենց կը նուիրէ Աւետիս Ահարոնեանի «Յարգանք քեզ» բանաստեղծութեան գեղազարդ տպագրութենէն մէկական օրինակ, նաեւ գրչատուփեր։ Ապա, ան կը հրաւիրէ Համազգայինի Գանատայի շրջանային վարչութեան ատենապետ եւ գրական յանձնախումբի անդամ՝ Թամար Տօնապետեան։
Հաւաքը պատշաճ առիթ համարելով, Համազգայինի Գանատայի շրջանային վարչութեան կողմէ կազմակերպուած՝ Գրական Մրցոյթին Թորոնթոյէն մասնակցող եւ մրցանակ շահողներու մրցանակաբաշխութիւնը ծայր կ՚առնէ։ Նախ՝ Թամար ներկաներուն հետ կը բաժնէ ՝ Գրական Մրցոյթին բնոյթն ու մասնակցութեան պայմանները, կը յիշէ դատական կազմի անդամներուն տարած բծախնդիր աշխատանքը ու կը ներկայացնէ Մրցոյթին արդիւնքը. ապա ան կը հրաւիրէ Թորոնթոյէն մրցանակ շահողները.- Պատանիներու բաժանմունքին մէջ Ա. մրցանակակիրն է ՀՕՄի Ամէնօրեայ վարժարանի աւարտական դասարանի աշակերտ, գրասէր պատանի՝ Արեն Մնացականեան. Արեն մասնակցած էր իր «Մայր» բանաստեղծութեամբ։ Արեն իր դասընկերներուն, ծնողներուն ու ուսուցիչներուն ներկայութեան, կը ստանայ իր մրցանակը, հպարտութիւն ներշնչելով բոլորին։
Չափահասներու բաժանմունքին մէջ Գ. մրցանակակիրն է Արմինէ Թորիկեան. Արմինէի «Եւ եթէ յանկարծ» յուշագրութիւնը եզակի գրութիւն մըն է որ իր խորքով եւ նշանակալից պարունակութեամբ ուշադրութիւնը գրաւած էր դատական կազմին։ Չափահասներու խումբին մէջ Ա. Մրցանակին արժանացած է վաստակաւոր Համազգայնական՝ Արշօ Զաքարեան իր «Անունդ իսկ չեմ գիտեր բայց քաջածանօթ եմ քեզի» խիստ տպաւորիչ, յուզիչ յուշագրութեամբ։ Մրցանակներուն մաս կը կազմեն նիւթական պարգեւ մը ու զանազան գիրքերու հատորներ։ Թամար կը հրաւիրէ ներկաները, որ ընթերցեն Թորոնթոհայի Սեպտեմբերի թիւին մէջ լոյս տեսած հաղորդագրութիւնն ու Ա մրցանակակիրներուն գրութիւնները եւ յառաջիկայ թիւերուն մէջ լոյս տեսնելիք գրութիւնները։ Նաեւ, ան կը տեղեկացնէ որ շրջանային վարչութեան որոշումով՝ առ ի քաջալերանք բոլոր մասնակցողներուն, բոլորին գրութիւնները պիտի հրատարակուին յառաջիկային։ Թամար կը քաջալերէ բոլորը, որ շարունակեն գրել հայերէն։
Հաւաքը իր աւարտին կը հասնի, յոյժ գնահատանքներու ու քաջալերական խօսքերու մթնոլորտին մէջ։ Հոգեպարար յետմիջօրէի մը ջերմ զգացումը մեր հոգիներուն մէջ ամուր գրկած կը մեկնինք՝ վերադառնալու խոստումով։
Թամար Տօնապետեան-Գուզուեան