
Համավարակի հարկադրանքով երկու տարուան դադարէ ետք, Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութեան տարեկան Ճաշկերոյթ-խրախճանքը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 23 Հոկտեմբեր 2022-ին, Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ Աւետիսեան սրահին մէջ, ներկայութեամբ շուրջ 300 համազգայնականներու, մշակութասէր համակիրներու եւ ընկերներու:
Ձեռնարկը կը միտէր Շրջանային վարչութեան երկամեայ բեղուն գործունէութեան գլխաւոր իրագործումները ներկայացնել, նաեւ ձեռնարկէն գոյացած հասոյթով թափ տալ Համազգայինի համար մշակութային կեդրոն մը ապահովելու ծրագրին եւ հիմնադրամին։ Գեղարուեստական յայտագրին մաս կազմեցին Համազգայինի Անի Պարախումբը իր նազելաճեմ պարմանուհիներու ու առոյգ երիտասարդներու ներկայացուցած գեղեցիկ պարերով, Տիգրան Ժամկոչեան եւ նուագախումբը՝ Հայկական Ճազ երաժշտութեամբ եւ Հայկուհի Բաբախանեան՝ ժողովրդային եւ ազգագրական երգերով: Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Քնար Գորթոշեան ներկայացուց վարչութեան խօսքը, որուն աւարտին կոչ ըրաւ բոլորին զօրակցելու Համազգայինին՝ Կեդրոնի գնման նպատակին համար բաց յայտարարելով հանգանակութիւնը։
Գոհունակ ենք նշելու, որ ձեռնարկը արժանացաւ բոլորին գնահատանքին։
Շնորհակալութիւն բոլոր ազգանուէր նուիրատուներուն, մշակութասէր մեր համակիրներուն, ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբին եւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց բարոյական եւ նիւթական ներդրումներով նպաստեցին ձեռնարկի մեծ յաջողութեան եւ հիմնադրամի ուռճացման։