
Հանրածանօթ դարձած Armenian Heritage Cruise-ը այս տարի տեղի ունեցաւ 11-18 Յունուար 2009-ին, մօտաւորապէս 1800 հայերու մասնակցութեամբ:
Նաւը ճամբայ ելաւ Ֆլորիտայէն եւ մէկ շաբթուան ընթացքին հանգրուանաբար կանգ առաւ Cozumel (Mexico), Roatan (Honduras), Belize, եւ Grand Cayman Islands:
Զբօսաշրջիկները առիթ ունեցան այցելելու պատմական հնութիւններ եւ ծովեզերեայ տեսարժան վայրեր: Նաւուն վրայ հաճոյքի մեծ բաժինը կայացաւ հայկական ճոխ ծրագրի բովանդակութեան մէջ: Հայաշունչ զանազան ձեռնարկներ, ազգային, մշակութային ելոյթներ, հայկական պարի նուագախումբեր, հայկական պարի դասընթացքներ իրարու յաջորդեցին տարբեր սրահներու մէջ, եւ ներկաները ըստ իրենց նախընտրութիւններուն ներկայ եղան կամ մասնակցեցան այս ձեռնարկներուն:
Միացեալ Նահանգներու արեւմտեան շրջանի Ճեմարանականներու Միութիւնը նախաձեռնութիւնը ունեցաւ նախկին ճեմարանականներու հաւաք մը կազմակերպելու այս նաւապտոյտին ընթացքին: Զանազան տարիքի մօտ 60 Ճեմարանականներ եւ նախկին ուսուցիչներ, շատեր իրենց կողակիցներուն եւ զաւակներուն հետ, ուրիշներ իրենց ծնողներուն, քոյրերուն, եղբայրներուն կամ այլ ազգականներուն ընկերակցութեամբ համախմբուեցան վերապրելու իրենց սիրելի Ճեմարանի երբեմնի ուսանողական օրերը:
Ճեմարանականներու Միութեան յանձնախումբը՝ գլխաւորութեամբ Սօսի Տատոյեանի, յաջողած էր ճեմարանականներուն վերապահել ճաշարանի յատուկ մէկ մասը, ուր ամէն գիշեր կարելի եղաւ իրարու հանդիպիլ, յուշեր վերանորոգել, կարծիքներ փոխանակել եւ ընթրիքի ժամերուն տաք ու մտերմիկ մթնոլորտ մը ստեղծել: Տպաւորիչ եւ յուզիչ էին շատերու երկար տարիներ ետք իրար վերագտնելը, անակնկալ հանդիպումներն ու ողջագուրումները: Ալեհեր ճեմարանականներ երբեմն դժուարութեամբ կրցան վերյիշել իրենց դասընկերոջ մանուկ կամ պատանի օրերու պատկերը. հաճելի էր յաճախ լսել ժպիտի մը ետեւ թաքուն՝ «Օ¯, բնա°ւ չես փոխուած» բացագանչութիւնը, որ իբրեւ կատակի կարգախօս որդեգրուեցաւ շատերուն կողմէ:
Երկու համախմբումներուն առաջինը տեղի ունեցաւ նաւապտոյտի երկրորդ օրը, երբ բոլորը հաւաքուած էին յանձնախումբի զեկուցումը լսելու: Շուշիկ Արսլանեան խօսք առաւ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Սօսի Տատոյեանին՝ նաւապտոյտի աշխատանքները սիրայօժար ընդունած եւ բոլոր կարգադրութիւնները մանրամասնօրէն կատարած ըլլալուն համար. նաեւ ուրախութիւն յայտնեց, որ Սօսիին նման երիտասարդ ուժեր սկսած են փոխարինել նախկին աշխատողները:
Սօսին բարի գալուստ եւ բարի ժամանց մաղթեց ներկաներուն, տուաւ յառաջիկայ օրերու մանրամասնութիւնները եւ շեշտեց ճեմարանականներու միջեւ ջերմ յարաբերութեան եւ մասնաւորապէս Ճեմարանին նեցուկ կանգնելու կարեւորութիւնը:
Սելլա Թնճուկեան հակիրճ կերպով ներկայացուց Համազգայինի Ամառնային Ուսանողական Հաւաքը (Forum), նաեւ ճեմարանականներուն առաջարկեց գիրքի մը մէջ ամփոփել Ճեմարանի իրենց ուսանողական օրերուն ունեցած փորձառութիւնները եւ անմոռանալի յուշերը: Ցրուելէ առաջ, ներկաները խմբանկարով մը կնքեցին այդ օրուան յիշատակելի վերամիացումը:
Երկրորդ հանդիպման, ճեմարանականները հաւաքուած էին աւելի մեծ սրահի մը մէջ, ուր ցուցադրուեցան զանազան տեսասալիկներ՝
- Ճեմարանի 75 տարիներու ճանապարհը
- Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ Համազգայինի 80 ամեակի առիթով պատրաստուած պատմականը
- Լոս Անճելըսի մէջ, Սեպտեմբեր 2008-ին տեղի ունեցած Գարմէն Տէր Կարապետեանին նուիրուած մեծարանքի երեկոն
- Հայաստանի մէջ Համազգայինի համալսարանականներու վերջին հաւաքէն (Forum) տեսարաններ
- Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեանի ողջոյնի խօսքը եւ Ճեմարանի մասին տեղեկատուութիւնը
Յետոյ խօսք առին հետեւեալները՝
- Հայրենիք շաբաթաթերթի խմբագիր Զաւէն Թորիկեան կարդաց Գարմէն Տէր Կարապետեանին ձօնուած իր գրութիւնը:
- Բագինի տնօրէն Յակոբ Պալեան ներկայացուց Բագինը եւ խնդրեց ներկաներէն քաջալերել եւ բաժանորդագրուիլ Բագին գրական հրատարակութեան:
- Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Եդուարդ Մսրլեան շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպիչ յանձնախումբին եւ քաջալերեց անոր աշխատանքները:
- Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Սագօ Արմէնեան զեկուցում տուաւ Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի ներկայ նիւթաբարոյական վիճակին եւ Լիբանանի մէջ Դեկտեմբերին Ճեմարանին նուիրուած հանդիսութեան մասին:
Շուշիկ Արսլանեան եւ Վահիկ Վարդապետեան ճեմարանականներու յանձնախումբի խնամքով պատրաստած Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Ճեմարանականներու հասցէագիրքը բաժնեցին ներկաներուն:
Եղան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ:
Դարձեալ խմբանկարներով աւարտեցաւ այս յիշատակելի օրը: Հանդէսի աւարտին ներկաները շարունակեցին երկար զրուցել: