
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան եւ տնօրէնութեան, Ուրբաթ, 28 Մարտ 2025-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնի «Գէորգ եւ Հերմինէ Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մայեսթրօ Կարօ Աւեսեանին նուիրուած ողջերթի երեկոն` ներկայութեամբ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան, Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան եւ մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներուն, արուեստագէտներու, ուսուցիչներու եւ աշակերտներու:
Հաւաքին բարի գալուստի խօսքը Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան եւ տնօրէնութեան անունով արտասանեց Սամիկ Կարապետեան, որ նշեց, թէ մայեսթրօ Կարօ Աւեսեան տարիներ շարունակ եղած է երաժշտական քոլեճի սիւներէն մէկը, որ իր ղեկավարութեամբ, յատուկ նուիրումով եւ բարձրորակ ուսուցումով ձեւաւորած է սերունդներ, որոնք այսօր մեր մշակութային կեանքի անբաժան մասնիկներն են: Ան հաստատեց, որ այս հաւաքը միայն հրաժեշտ չէ, այլ նաեւ գնահատանքի եւ երախտագիտութեան արտայայտութիւն` մայեսթրոյի տարիներու գործունէութեան եւ կարեւոր ներդրումին:
Ապա խօսք առաւ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու կրթական տնօրէն Կամիլա Երկանեան-Քէշիշեան, որ նշեց, թէ Համազգայինի կեդրոնները միայն քարեղէն կառոյցներ չեն, այլ մեղուանոցի նման են, ու այնտեղ հայ արուեստ ու մշակոյթ, հայեցի ու մարդկային դաստիարակութիւն կը սերմանուին եւ լուսաբեր ճամբայ կը դառնան նորահաս սերունդին համար` դէպի կեանքի ու արուեստի նոր հանգրուաններ: