
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութեան 91-ամեակին առիթով Կիրակի, 31 Մայիսին, Աթէնքի «Ֆիլիփոս Նաքաս» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ֆրանց Վերֆելի «Մուսա Լերան քառասուն օրերը» վէպին մենաներկայացումը՝ երկու արարով կատարողութեամբ հանրածանօթ դերասանուհի, արուեստի անզուգական մեկնաբան, բեմադրիչ, հրապարակագիր եւ բանաստեղծ Մարի-Ռոզ Ապուսէֆեանի:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց Համբիկ Յովսէփեան, որ անդրադարձաւ օրուան խորհուրդին՝ մայիս 28-ի պատմական արժէքին եւ կարեւորութեան, ապա ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց Մարի-Ռոզ Ապուսէֆեանի
կենսագրական գիծերը:
Մարի-Ռոզ Ապուսէֆեան իր կարգին ողջունելէ ետք ներկաները, շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի Շրջանային վարչութեան եւ հակիրճ խօսքերով եւ բացատրութիւններով ներկայացուց Ֆրանց Վերֆելի անձն ու գործունէութիւնը եւ անդրադարձաւ իր ներկայացնելիք նիւթին՝ «Մուսա Լերան 40 օրերը» վէպին դրդապատճառներու մասին:
Մենաներկայացումի աւարտին դերասանուհին շեշտեց, որ Մուսա Լեռը մեր ժողովուրդի յաւերժութեան խորհուրդն է: Շատ բաներ կրնան մոռցուիլ կեանքի մէջ, բայց Մուսա Լերան քառասուն օրերը չեն կրնար մոռցուիլ ու մուսա լեռցին, ուր որ ալ երթայ պիտի շարունակէ խօսիլ իր բարբառով, ապրիլ այդ խորհուրդի թելադրականութեամբ, որ թաքնուած է իր էութեան մէջ՝ իբրեւ յաւերժախօս պատգամ իր հայրերէն:
Համազգայինի Շրջանային վարչութեան գեղեցիկ յղացումով ու նախաձեռնութեամբ կատարուած ելոյթը եւ Մարի-Ռոզ Ապուսէֆեանի նրբաճաշակ ներկայացումը յատուկ տեղ գրաւեցին յունահայ մշակութային կեանքէն ներս: