
Կիրակի, 12 Յունիս 2016-ին Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին եւ պետական երաժշտանոցին միջեւ գործակցութեամբ տեղի ունեցաւ «Մարկօ Պապիկեան» ֆոնտին այս տարուան մրցանակակիրներու համերգ, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցան տարբեր փուլեր անցնելով առաջին դիրքերը գրաւած թեկնածուները, որոնք համերգի աւարտին ստացան իրենց դրամական մրցանակները:
Ձեռնարկը, որ տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Սեն Ժոզեֆ համալսարանի «Փիեռ Ապու Խաթեր» սրահին մէջ, կը կրէր մշակոյթի նախարար Ռեմոն Արայժիի բարձր հովանաւորութիւնը, պաշտօնական հիւրերու կարգին էր Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան:
Այս առիթով խօսք առաւ նախկին նախարար, երեսփոխան Խաչիկ Պապիկեանի դուստրը` Քրիստին Պապիկեան, որուն խօսքին առանցքը հանդիսացաւ երաժշտութեան կարեւորութիւնը մարդկային կեանքին մէջ` իբրեւ մարդիկ միացնող, զանոնք ուրախ պահող համայնական արտայայտչամիջոց: Ապա հակիրճ գիծերու մէջ ներկայացուց «Մարկօ Պապիկեան» ֆոնտի հիմնադրութեան պատմականը, ստեղծման նպատակը եւ ցարդ անցած ուղին:
Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ կարճ տեսերիզ մը` Խաչիկ եւ Մարկօ Պապիկեաններու յիշատակին:
Անկէ ետք մշակոյթի նախարարին ողջոյնները փոխանցեց պետական երաժշտանոցի տնօրէն Ուալիտ Մուսալլեմ, որ դրուատեց մրցանքը` իբրեւ յարատեւող եւ երիտասարդութեան կողմէ երաժշտութեան նկատմամբ սէրը քաջալերող:
Հուսկ, անգլերէնով եւ հայերէնով խօսք արտասանեց Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սեպուհ Այնթապլեան, որ գնահատեց Պապիկեաններուն ժառանգորդները, որոնք հետամուտ են մրցումի յարատեւման, անդրադարձաւ երաժշտական կառոյցներուն միջեւ գործակցութեան կարեւորութեան: Ան շնորհակալական խօսք ուղղեց նաեւ պետական երաժշտանոցին եւ մասնակիցներուն:
Ապա ջութակի վրայ ելոյթ ունեցան մրցանակակիրները: Այս տարի առաջին հանդիսացող չկար, երկրորդ հանդիսացան Տիանա Մուաուատ եւ Միքայէլ Խարաթ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ստացաւ 1500 տոլար, երրորդ դիրքը գրաւեց Նարէ Աշգարեան եւ ստացաւ 1000 տոլար, իսկ քաջալերական մրցանքին տիրացաւ Քրիսթել Քէյրուզ` 500 տոլար: