
Երեքշաբթի, 18 Մարտի կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանին մէջ տեղի ունեցաւ մեծարանքի հանդիսութիւն՝ նուիրուած տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեանի, որ վերջերս 200 հազար ամերիկեան տոլարի նուիրատուութիւն մը կատարած էր՝ Ճեմարանի մէջ մարզամշակութային նոր կեդրոն մը հիմնելու համար:
Նախքան հանդիսութիւնը, տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան այցելեց Ճեմարան, շրջեցաւ դասարանները եւ դպրոցին տարբեր բաժանմունքները, ապա ունեցաւ հանդիպում մը երկրորդական բաժնի աշակերտներուն հետ, որոնց անունով Աքասիա Փոլատեան երախտագիտական խօսքեր ուղղեց մեծարեալին: Վարժարանի գործադիր տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց Ատրինէ Գարագաշեանը, որ իր կարգին իր սրտի խօսքը եւ ապրումները փոխանցեց աշակերտներուն՝ անոնց կոչ ուղղելով, որ սիրեն ու պահեն հայ լեզուն եւ հայ դպրոցը:
Մեծարանքի հանդիսութեան ընթացքին խօսք առաւ մեծարեալի դասընկերուհի, վարժարանի երկար տարիներու ուսուցիչներէն Ալիս Գազանճեան: Ան իր գոհունակութիւնը յայտնեց Ատրինէ Գարագաշեանի ներկայութեան համար՝ հաստատելով, որ 1940 - 1945 թուականներուն միասնաբար նոյն դասարանը եղած են: Ան շեշտեց, որ Ճեմարանի աշակերտները այդ թուականներուն թիւով քիչ էին, սակայն անոնք ունէին առաքեալներ, ինչպէս՝ Լեւոն Շանթ, Նիկոլ Աղբալեան, Գառնիկ Գիւզալեան, Կարօ Սասունի, եւ այլն: Ա. Գազանճեան ներկաներուն հետ բաժնեց Ատրինէ Գարագաշեանի հետ Ճեմարանի մէջ ունեցած անցեալի իր յիշատակները:
«Մենք ուրիշ էինք շնորհիւ մեր ուսուցիչներուն, անոնց հոգիին ու մտքին: Անոնք մեր մօտ բերին Հայաստանը եւ մենք Հայաստանով եւ հայութեամբ ապրեցանք», հաստատեց Ա. Գազանճեան եւ շնորհակալական ու երախտագիտական խօսքեր ուղղեց մեծարեալին:
Վարժարանի գործադիր տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան հաստատեց, թէ հակառակ տեսակաւոր խոչընդոտներու, տնտեսական տագնապներու, Համազգայինի Հայ Ճեմարանը միշտ մնացած է պատնէշի վրայ՝ աւելցնելով, որ Ճեմարանի սաներուն ճնշող մեծամասնութիւնը, ի°նչ ասպարէզի ալ պատկանած ըլլայ՝ ծանօթ եղած է իբրեւ սպասարկու հայ մշակոյթին, հայ գիրին, գրականութեան ու արուեստներուն եւ զօրավիգ՝ հայ դպրոցին: Տ. Ճինպաշեան յայտնեց, որ հայութիւնը պահելու ազգային մոլեռանդութեան ներկայացուցիչներէն մէկն է տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան: «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան մոլեռանդ հայ է, մոլեռանդ ճեմարանական», շեշտեց ան:
Եզրափակելով իր խօսքը՝ Տ. Ճինպաշեան յայտնեց, թէ կառուցուող նոր շէնքը իր մէջ պիտի պարփակէ «Ատրինէ Գարագաշեան» մարզամշակութային սրահը եւ շեշտեց ըսելով. «Այդ շէնքը պէտք է վերածենք Համազգայինի մշակութային առաքելութեան իրականացման ծառայող կենդանի վայրի մը, մշակութային հաւատքի վկայարանի մը»:
Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան փոխ ատենապետ Վաչէ Փափազեան իր ելոյթին մէջ նշեց. «Սփիւռքեան պայմաններուն մէջ հայեցի կրթութեան աշխատանք տանիլը իրապէս տորք անգեղեան գործ է»՝ աւելցնելով, որ այդ գործը ունի զանազան բաժիններ եւ անոնց մէջ գործողներ, որոնք իրենց գործին յաջողութեան համար պէտք ունին սփիւռքեան տնտեսական նախարարութեան մը նեցուկին: «Մենք պետութիւն չենք, չունինք կառավարութիւն եւ տնտեսական նախարար», շեշտեց Վ. Փափազեան՝ աւելցնելով, որ պէտք է անպայման հայեցի կրթութիւն տրուի սերունդներուն եւ պէտք է պատրաստենք լաւ հայը, լաւ մարդը: Ան հաստատեց, թէ այս իմաստով շատ կարեւոր, հիմնական, հրաշք գործ մը կը կատարեն սփիւռքահայ անհատները, որոնք իրենց կարողութիւնները կը տրամադրեն այս սուրբ գործին:
Ան իր երախտագիտական զգացումները յայտնեց մեծարեալին, թէ° իր իշխանական նուիրատուութեան համար, որ կարելի դարձուց մարզամշակութային սրահի կառուցումը, եւ թէ իր այս աքթով բոլորին ներշնչեց նոր հաւատք եւ նոր յոյս:
Այնուհետեւ Տիգրան Ճինպաշեան յուշանուէր մը յանձնեց տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեանին, որ յուզումով շնորհակալութիւն յայտնեց՝ նշելով, որ «նիւթական հայթայթելը աւելի դիւրին է, քան հոգեկան յղացում ունենալը եւ ծրագիրները կազմելը, որոնք կը պարտիմ եղբօրս եւ իր կնոջ՝ տէր եւ տիկին Նազօ եւ Պայծառ Գարագաշեանին»: Ան ընդգծեց, որ եթէ իրենք չըլլային, իր ունեցածը օգուտ պիտի չունենար եւ բանի մը պիտի չծառայէր: Եզրափակելով իր խօսքը՝ ան մաղթեց, որ «Աստուած շատցնէ ճեմարանցիները եւ պահէ մեր ազգը»: