
2008ը բազմաթիւ ամեակներու նման տարի մըն է, որուն ընթացքին «Համազգային»ն ալ իր բոլոր հարազատներով, հայրենիքի եւ Սփիւռքի տարածքին, արժանավայել կերպով նշեց մշակութային այս մեծ ընտանիքին հիմնադրութեան 80ամեակը:
Կրկնութեան գնով պէտք է ըսել, թէ պատահական չէր «Համազգային»ի ծնունդը: Անոր գաղափարը յղացած էին ՀՀ նախկին վարչապետ մը, նախկին կրթական նախարար մը, վաստակաւոր մտաւորական մը, թատերական բեմի նշանաւոր սպասարկու մը եւ ազնիւ ու բարձր յատկութիւններով օժտուած շարք մը այլ անձնաւորութիւններ, որոնց գերագոյն նպատակը դարձաւ հայ գիրն ու գրականութիւնը եւ մեր մշակութային բնագաւառի ժողովրդականացումը: Ասկէ մեկնած, ան հաստատօրէն դարձաւ մեր դարաւոր մշակոյթի համեստ եւ արթուն այն պահակը, որ աշխարհացրիւ իր մասնաճիւղերով, միաւորներով, թատերախումբերով, երգչախումբերով ու պարախումբերով, մեր հոգիներէն եւ սրտերէն ներս հոգեկան հայրենիք կառուցեց, հայութեան աւիշ տարածեց եւ այս ձեւով մեր ժողովուրդի գոյատեւումը ապահովեց:
«Համազգային»ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը, «Համազգային»ի հիմնադրութեան 80ամեակը նշեց« ճաշկերոյթ-տօնակատարութիւն-պարգեւատրում պիտակին տակ, Կիրակի 26 Հոկտեմբերին, Մոնթեպէլլոյի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ «Բաղրամեան» սրահին մէջ: Ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբը սրահին սեղանները փոխանակ թիւերով ճշդելու, հին ու նոր գրագէտներու նկարներով եւ անոնց հակիրճ կենսագրութիւններով ցուցատախտակներով զարդարած էր սեղանները: Հոն էին Դանիէլ Վարուժանէն մինչեւ Ժագ Յակոբեանը, Ղազարոս Աղայեանէն մինչեւ Իսահակեանը, Կոմիտաս եւ Էմին եւ տակաւին շատ շատեր:
«Համազգային»ի Կեդրոնական վարչութեան հովանաւորութիւնը վայելող այս ձեռնարկին ներկայ էին Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի ներկայացուցիչը՝ հայր Պարթեւ Կիւլիւմեան, Հայց. եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի ներկայացուցիչ՝ Արշակ քհնյ. Խաչատուրեան, «Համազգային»ի Կեդրոնական վարչութեան Արեւելեան եւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչ Եդուարդ Մսրլեան, ինչպէս նաեւ՝ անձնական այցելութեամբ շրջանս գտնուող «Համազգային»ի Կեդրոնական վարչութեան ատենադպիր Մկօ Եափուճեան, Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի փոխ հիւպատոս Մեսրոպ Շապոյեան, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան, շրջանի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Աւետիք Իզմիլեան եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ, ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Անի Կիրակոսեան, «Համազգային»ի Կեդրոնական եւ Շրջանային վարչութիւններու նախկին անդամներ, մասնաճիւղերու եւ միաւորներու վարչական կազմեր եւ ներկայացուցիչներ, «Ասպարէզ» օրաթերթի խմբագիր Աբօ Պօղիկեան եւ աւելի քան 300 մշակութասէր հիւրեր ու համազգայնականներ:
Ձեռնարկի պաշտօնական բաժնի բացման իր խօսքին մէջ, հանդիսավար դոկտ. Դալար Շահինեան նախ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ապա Շաւարշ Նարդունիի եւ Նիկողոս Սարաֆեանի «արուեստի հոգին» եւ «հոգեկան հայրենիք»ին յատուկ սահմանումները նշելէ ետք, անդրադարձաւ 1928, Մայիս 28ին ծնունդ առած «Համազգային»ի պատմութեան: Ան նաեւ շեշտեց, թէ «Համազգային»ը մեծ դեր ունեցած էր իր անձնական ինքնութեան կերտման մէջ: «Ես կամ ինծի նման հայ երիտասարդներ, որոնք հասակ առած են տարբեր գաղութներու մէջ, պիտի չկարենայինք դիւրութեամբ սնուցանել մեր ինքնութեան հայկական մասնիկը, առանց «Համազգային»ի աշխատանքներուն», ըսաւ ան՝ յիշեցնելով, որ Լիբանանի մէջ մայրենի լեզուն սորված էր «Համազգային»ի Հայ ճեմարանէն ներս՝ «Նշան Փալանճեան», եւ ապա Լոս Անճելըսի մէջ աշակերտած է հոնկէ վկայեալ ուսուցիչներու: Ան նշեց նաեւ «Համազգային»ի հրատարակած գիրքերուն, կազմակերպած ցուցահանդէսներուն, երաժշտական հանդէսներուն եւ թատերախաղերուն յոյժ կարեւորութիւնը: «Սփիւռքի գաղութներու եւ արեւմտահայերէնի գոյատեւումը կը մնայ «Համազգային»ի նման մշակութային միութիւններու աշխատանքին ծիրէն ներս: Ասկէ մեկնած՝ «Համազգային»ը կը կանգնի իր ամէնէն ծանրակշիռ մարտահրաւէրներուն դիմաց, որուն համար բոլորիս աջակցութիւնը էական է», շեշտեց ան՝ բարի երթ մաղթելով «Համազգային»ին, եւ ապա յիշեց ձեռնարկը կազմակերպող յանձնախումբի անդամներուն անունները՝ մեծապէս գնահատելով անոնց աշխատանքն ու ձեռնարկին յաջողութիւնը:
Իբրեւ օրուան պատգամաբեր, «Համազգային»ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ դոկտ. Վիգէն Եագուպեան իր խօսքին սկիզբը պարզեց, թէ այս երեկոյ 8 տասնամեակներու վրայ երկարող «Համազգային»ի ազգապահպան բազմաշերտ գործունէութեան վերաքաղը կրնայ միայն «Համազգային»ի թելադրուած ներուժով լիցքաւորուելու առիթը հանդիսանալ բոլորին համար: «Հակառակ այն իրողութեան, որ խումբ մը ազգայիններու մտայղացումը եղած է «Համազգային»ի հիմնադրութիւնը, «Համազգային»ը երբեք չէ դարձած Շանթերու, Աղբալեաններու, Օհանջանեաններու կամ Եսայեաններու կազմակերպութիւնը: Անոր հիմնադիրները իրենք զիրենք նկատած են միայն միջնորդներ մշակութային այն պահանջներուն, որոնք կը թելադրուէին մեր ժողովուրդի անգուշակելի իրավիճակէն», ըսաւ ան: Ապա ան շեշտը դրաւ մշակութային արժէքներու պահպանման եւ ընդհանրապէս ազգապահպանման համար կազմակերպութեան տարած աշխատանքներուն վրայ ու ըսաւ. ««Համազգային»ը ծնաւ մեր ժողովուրդին համար, ծառայեց անոր եւ եկաւ դառնալու մեր ժողովուրդի կամքը հաստատող ամէնէն պանծալի հայելիներէն մէկը, հայելի մը, որ յստակօրէն կը ցոլացնէր մարդակերտման եւ ազգային մշակոյթի անքակտելի կապը»: Ան անդրադարձաւ նաեւ «Համազգային»ը կերտող մտաւորականներու իմացականութեան, անոնց գրիչներէն ծնունդ առնող մտասեւեռման եւ «Համազգային»ի գոյատեւման ազդակներուն: «Մէկ խօսքով, «Համազգային»ը պատմականօրէն ծնաւ մեր ժողովուրդի իրավիճակէն, հոգեվիճակին ու տեսլականներուն հարազատ թարգմանը հանդիսանալու ազնիւ բաղձանքէն, եւ իր ապագան կրնայ միայն երաշխաւորել այդ նոյն բաղձանքով», աւելցուց ան՝ դրուատելով հիմնադիրներուն լայնախոհ մտածելակերպը:
Դոկտ. Եագուպեան շեշտեց, թէ Շրջանային վարչութիւնը կը մնայ յանձառու եւ վճռած է ծաւալել իր աշխատանքները՝ թուելով վերջին երկու տարիներու իրագործումներն ու ապագայ ծրագիրները, ողջունելով կազմակերպութեան անդամներուն եւ համակիրներուն քաջալերանքն ու ամբողջական աջակցութիւնը:
Ապա ան բեմ հրաւիրեց եւ գնահատանքի յուշատախտակ մը յանձնեց «Համազգային»ի 80ամեակի ձեռնարկներու գլխաւոր հովանաւորող տոքթ. Վիգէն Սահակեանին, որ շնորհակալութիւն յայտնեց ու գնահատեց «Համազգային»ի տարած աշխատանքները:
Ընթրիքէն առաջ ցուցադրուեցաւ «Համազգային»ի 80ամեակին առթիւ Կեդրոնական վարչութեան պատրաստած տեսաերիզը, որ մեծապէս գնահատուեցաւ ներկաներուն կողմէ:
Հայր Պարթեւի սեղաններու օրհնութենէն ետք, տեղի ունեցաւ կրթանպաստներու բաշխում: Անիթա Հաւաթեան, յանուն Շրջանայինի կրթանպաստի յանձնախումբին, նախ պարզեց այս կրթանպաստին ծնունդը, որ տեղի ունեցաւ տարի մը առաջ, նպատակ ունենալով հինգ հազարական տոլարի կրթանպաստներ յատկացնել լրագրութեան, գրականութեան եւ ֆիլմարուեստի ճիւղերուն մէջ բարձրագոյն կրթութիւն որոնող հայ ուսանողներուն: Ապա ան ներկայացուց յանձնախումբին միւս անդամները՝ դոկտ. Յասմիկ Թաշճեան, Աբօ Պօղիկեան, Էրիք Նազարեան եւ ըսաւ, թէ երկար քննարկումներէ ետք, յանձնախումբը միաձայնութեամբ որոշած էր այս տարի միայն երկու կրթանպաստներ յանձնել, որովհետեւ լրագրութեան ճիւղին համար ոչ մէկ թեկնածու ներկայացած էր:
Ատենապետ Եագուպեան, բեմ հրաւիրելով լաւագոյն թեկնածուները՝ կրթանպաստներ յանձնեց Դալար Տուզճեան-Տէր Յովհաննէսեանին (գրականութիւն) եւ Ռաֆֆի Պարսումեանին (ֆիլմարուեստ): Այս վերջինին քրոջ յանձնուեցաւ կրթանպաստը, որովհտեւ ան երկրէն դուրս էր:
Իր կարգին, «Համազգային»ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Եդուարդ Մսրլեան, նախ գոհունակութիւն յայտնեց, որ միութեան ձեռնարկը նման ուրախ եւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ տեղի կÿունենար եւ ապա աւելցուց. «Աշխարհի տարածքին նման տօնակատարութիւններու կողքին, կը կատարուի նաեւ գնահատումը միութեանս 80ամեայ գործունէութեան տարբեր մարզերուն, եւ կÿուրուագծուին յառաջիկայ տարիներու կեանքի պարտադրանքէն թելադրուած նոր պարտաւորութիւններ ու անոր առջեւ ծառացած նոր մարտահրաւէրներ»: Ան մէջբերեց Նիկոլ Աղբալեանի հետեւեալ նշանաւոր խօսքը. «Մշակոյթն է, որ կը կապէ մեզ բոլորս: Յենարան մը, որուն կռթնած՝ մենք պիտի կարենանք համախմբել հայ զանգուածները եւ պահել մեր ինքնուրոյն ազգայնականութիւնը»:
Մսրլեան իր խօսքին մէջ յիշեց «Համազգային»ի ընտանիքի իրագործումները, «Բագին»էն մինչեւ հրատարակչատուն, եւ մեկնելով հայկական վարժարաններու հանդէպ «Համազգային»ի ղեկավարութեան ունեցած խորունկ համոզումէն ու հաւատքէն՝ մէկ առ մէկ յիշեց «Համազգային»ի Կեդրոնական վարչութեան հովանին վայելող կրթական հաստատութիւնները Լիբանանի, Ֆրանսայի եւ Աւստրալիոյ մէջ, եւ գնահատեց հայապահպանման ի խնդիր անոնց տարած աշխատանքը: «Համազգային»ը հայութեան ապագային կը նայի հաւատքով եւ լաւատեսութեամբ, ըլլայ կրթական եւ կամ մշակութային մարզերէն ներս», շարունակեց ան՝ շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց, որոնք «Համազգային»ի ազնիւ երազները իրականացնելու ճիգերուն անսակարկ կÿօժանդակեն: Ապա ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացնելէ ետք օրուան առաջին պարգեւատրուող անձը՝ հայ լեզուի վաստակաշատ մշակ Գարմէն Տէր Կարապետեանը, բեմ հրաւիրեց Կեդրոնական վարչութեան անդամ Մկօ Եափուճեանը, որպէսզի «Համազգային»ի տարիներու անդամ Գարմէն Տէր Կարապետեանը պարգեւատրէ «Համազգային»ի բարձրագոյն շքանշանով: Սրահի յոտնկայս, ջերմ ծափողջոյններուն եւ ուրախութեան կանչերուն մէջ, մեծ ուսուցչուհի Տէր Կարապետեան պարգեւատրուեցաւ: Իր սրտի խօսքին ընթացքին, ան յուզումով շեշտեց, թէ երբ ընտանիքի մը անդամն ես, նման պարգեւատրումներու կարիքը չկայ: ««Համազգային»ի ճեմարանը եղած է իմ երկրորդ տունս, իսկ միութիւնը՝ իմ գերդաստանս: «Համազգային»ի տունը մտած եմ Գասպար Իփէկեանի թատերախումբի ճամբով», ըսաւ ան ու շեշտեց «Ճեմարան»ի ազգային պատկանելիութեան զգացումը սերմանողի դերը եւ «Համազգային»ը անուանեց «հայ մշակոյթի նախարարութիւն»:
Իբրեւ երկրորդ պարգեւատրուող անձ, Կեդրոնականի անդամ Մսրլեան ներկայացուց հանրածանօթ երաժշտագէտ, խմբավար ու «Լարք» երաժշտանոցի տնօրէն Վաչէ Պարսումեանը եւ զինք բեմ հրաւիրելէ ետք, անոր կուրծքն ալ զարդարեց «Համազգային»ի բարձրագոյն շքանշանով: Իբրեւ սրտի խօսք, խմբավար Պարսումեան պարզեց «Համազգային»ի հետ ունեցած երեք կէտերէ բաղկացած իր փորձառութիւնը: Առաջինը եղած էր 1977ին, Լիբանանի մէջ, փոքրերու «Ծնծղայ» երգչախումբի հիմնումով, որուն յաջորդած էր «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի հիմնումը: Իսկ վերջինը« Քալիֆորնիոյ մէջ այն երեք բացառիկ տարիները, որոնց ընթացքին ան մեծ ներդրում ունեցած էր «Համազգային»ի աշխատանքներուն մէջ:
Ձեռնարկը ունեցաւ նաեւ իր կոկիկ գեղարուեստական բաժինը: Այսպէս «Համազգային»ի «Անի» պարախումբը, ղեկավարութեամբ պարուսոյցներ Եղիա Հաշօլեանի եւ Սիւզի Բարսեղեան-Դարբինեանի, հրամցուց հայկական շատ գեղեցիկ պարեր: Իր կարգին, «Լարք» երաժշտանոցի երգչախումբն ալ, ղեկավարութեամբ Վաչէ Պարսումեանի, հրամցուց հայրենի արուեստագէտ Ռոպերթ Պետրոսեանէն երաժշտական կտորներ, իսկ աւարտին, հանրածանօթ երգիչ Ռազմիկ Մանսուրեան մեներգով մը մասնակից դարձաւ յայտագրին:
Ի սրտէ կը շնորհաւորենք «Համազգային»ը, միաժամանակ կը մաղթենք, որ ան իր մասնաճիւղերով եւ միաւորներով, իր հին ու նոր անդամներով, հիմնադիրներու ուղին ճակատաբաց շարունակէ, յատկապէս այս ափերուն՝ մշակութային զօրաշարժի ենթարկելով մեզ բոլորս, եւ իր մշակներու ստեղծագործ ճիգերով մեզ դէպի նոր ամեակներ առաջնորդէ: Ապրին «Համազգային»ն ու զինք քաջալերող մշակութասէր հայորդիները:
Պատմական այս տօնակատարութեան տեղի ունեցան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ՝ գալիք տարուան կրթանպաստներուն համար: Տեղի ունեցաւ նաեւ լուռ աճուրդ՝ հայկական արժէքաւոր զանազան գծանկարներու եւ իրերու:
Գէորգ Պետիկեան