
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղի «Արշիլ Կորքի» ցուցասրահին, Հինգշաբթի 30 Մայիս, 2013-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի Համազգայինի «Յարութիւն Մանուկեան» գրադարանին մէջ տեղի ունեցաւ հայաստանաբնակ տաղանդաւոր գեղանկարիչ՝ Մերուժան Խաչատրեանի «Անկախութիւն» գեղանկարներու ցուցահանդէսի բացումը։
Ներկաները առիթը ունեցան անձամբ ծանօթանալու արուեստագէտին հետ եւ վայելելու Հայաստանի առաջին անկախութեան 95 ամեակին նուիրուած գեղանկարները։
Ցուցահանդէսը շարունակուեցաւ մինչեւ Կիրակի, 2 Յունիս, 2013։