
Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Նիւ Ճըրզիի մասնաճիւղը, հաւատարիմ իր անունին, հաւաքական ձեռնարկ մը կազմակերպեց, ոգեկոչելու Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը, համախմբելով տարբեր կազմակերպութիւններ, մշակութային միութիւններ, պարախումբեր եւ երգիչ-երգչուհիներ։
Հակառակ դուրսը տիրող կլիմայական դժուար պայմաններուն, սրահը լեցուած էր խուռներամ բազմութեամբ մը։
Յայտագիրը, գեղարուեստական ծրագիրէ մը անդին անցնելով, միասնական ոգեկոչումն էր Մեծ Եղեռնին։ Ոգեկոչումը՝ նահատակուած ու տարագրուած ժողովուրդի մը, բռնագրաւուած հայրենիքի մը, յափշտակուած ու անհետացման վտանգի սպառնալիքին ենթարկուած մշակոյթի մը։
Միեւնոյն ատեն ան փաստն էր ձախողութեան մատնուած ցեղասպանութեան մը։ Վերակենդանացած ժողովուրդի մը վկան, նոր սերունդը՝ նախանձախնդիր իր մշակոյթի պահպանման, հարիւրներով իրարու մօտ եկած, ձեռք ձեռքի բռնած, թնդացուց սրահը հայ երգով ու պարով։
Մշակութային այս երեկոյթին իրենց մասնակցութիւնը բերին Համազգայինի «Մեղրի» (Ֆիլատելֆիա) եւ «Նայիրի» (Նիւ Ճըրզի) պարախումբերը, Հ.Բ.Ը.Միութեան «Անդրանիկ» պարախումբը, Հայ Տունի «Աղթամար» պարախումբը, Վանուշ Խանամիրեան Պարի Դպրոցը (Նիւ Եորք եւ Քէնէթիքէթ)։ Ինչպէս նաեւ երգերով հանդէս եկան Համազգայինի Արեգակ մանկապատանեկան երգչախումբը, «Յոյսեր» Անսամպլը եւ Նիւ Եորքէն մեներգչուհի Յուշեր։